Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/52

Այս էջը սրբագրված է

կը բռնկի, չիք վառիր։ Ու մերթ՝ սէգ ու թեւաբախ արծիւ մը չասաբիբ,– որ կը թռչի, չիր ճախրիր։

Բայց գրէ՛.
Աշխարհ երբ խուլ է,– երգս ի՞նչ ընեմ,
Հացդ որ չուտուիր,– սեղանն ի՞նչ ընեմ․
Հանճարեղ խօսքի կայծերուն մօւո բոց,
Շողերը ցամքած գիրերս ի՞նչ ընեմ...
Ձմրան այս բուքին, օրը տարաժամ,
Անյագ սէրերուս երազն ի՛նչ ընեմ․․․


Անվերջ են բանաստեղծին խոհերը միշտ իմաստասիրական ոստումներով։ Բայց երբ կայ վերյուշը Ապրիլին, հոն կեցէք պահ մը։

«Ապրիլն է, սեւ ու չարագուշակ ամիս։ Գաղթի, աքսորի տարտամ շշուկներ, <<տեղաբանութիւն>> է ըսին։ Ո՞վ ինչ իմանար։ Համր ու բթացած գառնուկի մը պէս, որ իր արբունքին փթթիլը կը զգար վաղահաս փոթորիկի մէջ, կարաւաններու մոայյ ու հեւասպաո շուքին կպայ՝ անապատներուն քաղցն ու ծարաւը ինձ հխրընկաթ։

Տակաւին․ «Ու դարերու լեզուէն քակուած հրեղէն սան’ստ մը․ - Օտար մայթերու երկայնքին փռուած արտաքին այսքան փայյ ու պերճանք, երեւութապէս հոյակապ ամէ'ն կառոյց, ու փառքի սպառազէն բոլոր տողանցքները անզօր պիտի մնան փոխարինելու աճումի, գոյատեւման այն մշտավաո արիւնը, որ մայր-հողիդ երակներուն մէջ կը շրջի, եւ որ յաւիտենականութեան անյեղլի երաշ¬ խիքն է իբրեւ էութիւն։

Հո’ղը, հո’ղը–

52