Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/53

Այս էջը սրբագրված է

Սեփական հողը հաւաքական աժիդ - ժողովուրդին - գերակայութեան ամրակուռ կայանն է։ Հողը՝ արեւին հուրովը միշտ յղի, մա’յր արարիչ, ֆիզիքական ու իմացական մարդուն անփոխարինելի ստնտուն իբրեւ, հպարտ պատկանեյիաթեան մը աստուածային հզօրութիւնը ջամբած է իրեն»։

Ապրող բանաստեղծը ապրող կտոր մը երկիր է Ամերիկայի մէջ։

Ու մինչ հինգ տարիներ առաջ <<Մայրամուտին Ոանաձայնը» կը լսէ ան կ՚ապրի եւ պիտի ապրի վկայելու Համար, իմ տարիքի տղաներն իոկ ներկնչելու. Համար։

Գրքին Բ Մասին, բ– ենթսւբաժինը նուիրուած Է․

<<Սիրելի Դէմքեր>>ու կը տողանցեն թէքէեան, Հրաչ Երուանդը, Աիլվան, Շահնուրը, Աուրէն Մանուէլեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, Օննիկ Զաքարեանը, Մկրտիչ Հաճեանը, Բենիամին նուրիկեանը, Արշակ Տիգրանեանը, Վարպետ Աարեանը, Յասմիկ կուլեանը, Հայր Արշակ Խաաչատուրեանը, Գրիգոր Պտղտիկեանը, խմբագիր Պէրպէրեանը։

ԴԻՄԱՍՏՈԻԵՐՆԵՐ ՈԻ ՎԿԱՅՈԻԹԻԻՆՆԵՐ

իւրաքանչիւրին մասին րարի խօսք մը ունի Գլըճեանը իր պերճափայլ հայերէնով։ Երբեմն նախաղասութեամբը ենթակային կենդանագիրը կ’ունենաք ձեր աչքերուն դիմաց։

Այսպէս, խօսելով Թէքէեանի «իմ մէկ հատիկս հիմա․․․>> բանաստեղծութեան մասին Գլըճեանը կը գրէ․

«Վարակիչ է այս քերԹուածը^ այս դիրքը կշռուած

53