Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/55

Այս էջը սրբագրված է

Արդէն ներկայացուած դիմանկարը պայծառացաւ։

Խօսլեով Շահան Շահնուրի «Բաց Տոմարը» եւ «կրակը կողքիս» գիրքերուն մասին․ (այս եւս վերադարձած մը մեր գրականութեան) Գլըճեան կը Գրէ՝

«Տողերուդ կուո, գեղահիւս, մի՛շտ այ պարկեշտ տարազով կառոյցը, երբեմն սուգի, երբեմն խայտանքի տաճար, բայց եւ երբե՛ք շաղակրատ թութակ՝ իբրեւ միտք ու զգայութիւն, կը մօտեցնէ մեր գրական լեզուն արուեստի հոյակապ բարձունքի մը, ուրկէ տասնամեայ կակազ հայ աշակերտը կրնայ աշխարհի երեսին պոռա՜լ, «ճ-ճխե՚րս, դ-դուք խաշնարածնե՛ր, գ-գացէք ձեր կովերը ջրելու... Ա– այբ, Բ– բեն, Գիմ, Դա․․․»։

Մեր պապերէն եկած առհաւական ի’նչ մը կայ Գլըձեանի Հոգիին մէջ, որ կը մղէ զինր ճշմարիտ վկայութիւններու։

Ահա նիւթն իր հոգեղրայրն է՝ Անգրանիկ Անդըրէասեանը․ «Կիսուի թէ Աստուած՝ օր մը, մասնաւոր ա– ոաքեյութեամբ երկիր կ՚իջնէ։ Բա՛ն մը կը խռովէ զինք։ Ստեղծագործական երկունքի տառապանք մը կայ իր աչքերունմէջ։ Ցուպը ձեոքին՝ կը ճամբորդէ Հայաստան, եւ Օշականի Սուրբին Այբ, Բեն, Գիմի աղբիւրէն սափոր մը ճաճանչ կը յեցնէ իր մախաղին մէջ։ Կքանցնի Յունաստան, կ՚առնէ դգայ մը անկաշառեյի ուղ¬ ղամտութիւն՝ Սոկրատի հանճարեղ գանկէն։ Յետոյ ՝ Հը– ոո՚մ, հոնկէ կը քաղէ Կիկերոնի փոթորկայոյզ, պերճաբուխ խօսքերուն արձագանգները։ Կ՚երթայ Հնդկաստան, 55