Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/57

Այս էջը սրբագրված է

չէ, ոչ ալ պարսաւագիրը կամ պարզ գրախօսողը։

Այս էջերուն վրայ հայ գիրը գնահատողն է, որ շաղ կու տայ իր միտքերը արւանց երբեք չողոմելու բայց արժանին՝ արժեւորելով ի սրտէ։

Բենիամին Նուրիկեան, Անդրանիկ Անդրէասեան, Ալեք Գլրճեան Յակոբ Ասատուրեան եւ Աուրէն Մանուէլեան կոչուեցան նոր Գրքի տղաքը։

Այս խումբէն կ’ապրին Աակոբ Ասատուրեանն ու Ալեք Գլըճեանը։ Իր ժամանակին <որ Գիր> ե– ռամսեան եւսն շարժումի մը կերպարանքը ստացաւ եւ եղաւ ժամադրավայրը մեր գրական կարդ մը մեծերուն։ Այդ ամսագիրին ծննդոցին մասին խօսելով, Գլըրճեանր կը յայտնէ թէ պիտի ըլլայ բովանդակութիւնը այս բագինին․

«Ուղի՞ եւ բովանդակութի՞ւն,- այդ պիտի տանք երբ մանուկը իր առաջին ճիչն արձակէ, ճիչ’ որ աննպատակ պոոթկումներու վատնում մը պիտի չըլլայ անտարակոյս։ Այս խոստումը իր հետ կը տանի ապահովութիւնը յաոաջապահ եւ անկաշառ մտածումին զոր կը գտնենք մեր շուրջը, յեղաշրջող կենցաղի դարեր կարճեցնող խոյանքէն, եւ մարդոց ու իրերու յաւտենական պայքարներուն խորքը բռնող ամէնէն դիմացկուն ու արժէքաոր եւ անջնջելի սկզբունքներէն։ Այսինքն, տա՛լ ա զգայինը որ զայն խորհրդանշող գիրի’նն է եւ տա՜յ մարդկայինը’ որ ընդհանրական ու համապարփակ շրջագիծ մը ունի, եւ որ կը մերժէ, հա’րկ է որ մերժէ, բոլոր փցուն ու տեղական նախասիրութիւնները»։ Ու <Լևոր Գիր> այդպիսի գրական պարբերական մը եղաւ։

57