Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/60

Այս էջը հաստատված է

այս գիրքին Լոս Անճելըսի «Նոր Օր»ին մէջ թուագրուած 19 Ապրիլ 1988։ Չմոռնանք Յակոբ Ասատուրեաանը, բանաստեղծին վաղեմի բարեկամը, որ 1994 Մայիս 18 թուագրեալ յօդուած մը ստորագրեց նոյնպէս «Նոր Օր»ի մէջ։ Անմասն չմնաց Հերմինէ Գալէմքէրեան Սահակեանը, որ նոյնպէս խանդավաո. յօդուած մը ստորագրեց «Նոր Օր»ի մէջ 10 Յունիս 1986 թուագրեալ։

Կը տեսնէք ահա, որ աննկատ անցած չէ բանաստեղծին գործը, որ ինչպէս ըսինք արժանացաւ Թ․ Մ․ Մ-ի Հայկաշէն Ուզունեան մրցանակին, մրցանակ, որուն նիւթական պարգեւը ստոյգ տեղէ իմացանք, որ բանաստեղծը բաժնեց կարօտեալներու։

Այսպէս ապրեցաւ Աէեք Գլըճեանը։ «Նոր Օր»ի 1989ի Աեպտ․ի 12ի թիւին մէջ Ալեք Գլըճեանի ստորագրութեամբ յօդուած մը կարդացած ըլլալով «Մեկնումէն Առաջ» վերատառութեամբ, մեծ յուզում ապրեցանք եւ անմիջապէս արձագանգել ուզեցինք այդ գրութեան։

Ճիշդ է, ոը այդ օրերուն Գլըճեանը 89 տարեկան կ՚ըլլար․ բայց ինչո՞ւ իր մօտ աճապարանքը մեկնումի, երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը կորսնցուցած է բանաստեղծին հասցէն: հ*ուցէ մատեանը մեկնողներու անուանացանկին ինկած է ցեխաջուրերու մէջ եւ ջնջուած է անունը բանաստեղծին։

Կանչող չկայ, ո՞ւր կ՚երթաս Ալեք Գլըճեան․ միթէ՞ կը խորհիս թէ երթալիք աշխարհդ աւելի լաւ է։ Կը խորհի՞ս թէ «դեմոկրասի» կայ վերը տեղ մը։

Ահա յօդուածիդ նիւթէն այլայլած պատասխանած եղանք ձեզի։ 31 Հոկտ․ 1989 թուագրեալ այդ յօդուածը


60