Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/62

Այս էջը սրբագրված է

մեկնիլդ անգամ վերադարձ մըն է։ Տարբեր չի կրնար ըլլալ։ Ճիչդ այդ պատճառով, եթէ ուրիշներ, ինչպէս կ՚ըսես, վերադարձի խոստում չտուին, դուն ալ մի՚ տար, այդ չենք սպասեր, քանի որ քեզի համար մնալ սահմանուած է վերուստ։

Ճակատագիր պիտի ըսէր մարդ։ Ես պիտի աւելցընէի՝ - ճերմակ ճակատ, Սպիտակ գիր։ Արժան եւ իրաւ։

Ո՜ւր․ էր թէ քու հայ լեզուի նուռի հատիկնրէն , խաղողի ողկոյզներէն մենք ալ ունենայինք, մեր սերունդի տղաքը, եւ այգեկութքի եկողները պարապ կողովով չմեկնէին։

Իսկ հիմա, ահա, երբ դուն ես գրողը, կը դառնաս այն այգին ու այգեպանը, որ մեզի հրաւէր կու տայ, այգեկութքի հրաւէր։ Մենք վայելողն ենք, մինչդեռ ուրիշներ պէտք է վայելեն մե՚ր այգիին պտուղները, որոնք հակառակ տարիներու հոլովոյթին կը թուին մնալ խակ եւ ոմանց ատամներուն վնասել, ոմանց ստամոքսին գուցէ, ու սիրտին եւ ուղեղին։

Ուրիշ է համը քու միրգերուդ։

Հոն, երկրին համը կայ։ Հողին, հայրենի հողին համը։ Քու լեզուդ, քու մաքրամաքուր հայերէնդ կու գայ երկրէն, ուր երբեմն բանակած են զօրքերը Մեծն Տիգրանին, ուր հայ թատրոնը լայն բացած է Քրիստոսը կանխած իր դռները, ուր սաւառնած է Անդրանիկը եւ ուր հնչած են Մեծն կոմիտասի հայաբոյը երգերը։

Դուն, ինչպէս կ՚ըսես «Մեկնումէդ Առաջ կոչուող մեղեդիիդ մէջ, միայն ծաղիկ հոտոտելով չես զբաղած այլ եղած ես ջանադիր այն մեղուն, որ հայ կեանքի դարաւոր ծաղիկներէն մեղրիդ համար բեղմնափոշի


62