Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/63

Այս էջը սրբագրված է

հաւաքած ես ու բաժնած մեզի «թէեւ․․․ «կծծիաբար»։

Ինչո՞ւ այդպէս եղար, սիրելի գրող, թանկագին հայ՝ Ալեք Գլըճեան։

Այո՛, թունդ է քու գինիդ։ Մէկ բաժակն ալ կը գինովցնէ մեզ, երբ կրնայինք տակառներով մա– տըռուակել քու գինիէդ, ոսկեղնիկ լեզուէդ։

Փառք այն մօրը, որ ծնաւ քեզ։ Ես ուրախ եմ, երջանիկ նոյնիսկ, որ հասայ քեզի, մասնակիցը եղայ այգեկութքին այգիիդ եւ երգերովդ գինովցայ։

Հպարտ եմ, որ կաս դուն, կան երգերդ։ Ու հպարտ եմ մանաւանդ այն իրողութեամբ, որ քեզի համար մեկնում չկայ։

Այս օրերուն, սանուկիդ՝ Անդրանիկ Անդրէասեանի ծննդեան ութսունամեակն է։ Դուն, աւելի քան վաթսուն տարի ընկերութիւն ըրիր Անդրանիկին հետ, եւ այդ վեց տասնամեակներու երկայնքին ձեր ընկերութիւնը ամպ չճանչցաւ, Ջմշկածագ-Տէօրթ-Եօլ ճամրան փուշ չունեցաւ, վարդուղի մնաց։ Ի՜նչ անմոռանալի դաս։

Շուտով կը հասնինք նաեւ քու 90ամեակիդ։ Աստուծոյ ամենատես աչքերէն չես վրիպած, մի՛ վախնար, ան ալ հպարտ է, որ քեզ ղրկած է մեր աշխարհը ու ղրկած է հայ մօրմէ մը, որպէսզի այս աղքատ աշխարհը քեզմով հարստանայ, հարստանայ նաեւ Անդրանիկ Անդրէասեանով։

Պէյրութ մեկնած էի մէկ քանի օր առաջ։ Հոն, Թէքէեանի տղոց առաջարկեցի, որ տօնեն Անդրանիկին 80 ամեակն ու քու 90 ամեակդ միասնաբար։

Նոյն առաջարկը կ՚ընեմ Լոս Անճելըսի Թէքէեանականներուն։


63