Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/64

Այս էջը սրբագրված է

Յարգենք հայ գրողները իրենց ողջութեան մանաւանդ՝ արժանաւորները, որոնք վաթսուն եւ եօթանասուն տարի գիտցան ապրիլ անանձնական կեանքով յանուն այս տառապող ժողովուրդին, միամիտ ու դիւրախաբ ժողովուրդին։ բայց եւ տոկուն, ապրիլ որոշած, յաղթել որոշած, յաւերժագնայ ժողովուրդին։

100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/64


Ողջո՜յն քեզի, Ալեք Գլըճեան։
Ողջո՜յն քեզի, Անդրանիկ ԱնդրԷասեան։


Դուք հայոց այգիին նուռի ծառերն Էք։ Դուք հայ դպրութեան խաղողի այգին ու ծիրանի ծառը։

ի՜նչ ըսեմ ձեզի, որ արժանի ըլլամ ձեր մէկ նայուածքին ու ծուէն մը խօսքին։

Պիտի փոխառութեամբ մը <<Մեկնումէն Առաջ» երգը գրողիդ ոլ սանուկիդ ըսեմ․

Նոր կեանք մտնող երեխու պէս Ոչ մի րոպէ մահ չի սպասել․․․ Ու քանի Շիրաին մահ չկայ, դուք եւս զրկուած էք սատանային այցելութենէն։

Այս է վերջին խօսքս ձեր մասին։ ի տեսութիւն ձեզ, հոգի հայեր, եղբայր գրողներ։

«Նոր Օր» 31 Հոկտ․ 1989

Յ․Գ․ Այս բոլորէն վերջ, երբ քեզի մօտեցողը, սիրելի Գլըճեան, հարիւրամեակիդ տօնախմբութեան օրն է, Ողջոյն քեզի, Ողջո՜յն հարիւրամեակիդ՝ ա’յն քաղաքէնէ ՀալԷպԷն, ուրկէ դուն անցար ոտաբոպիկ, բայց որ այսօր անապատի կտուցին ծաղկած ձիթենի մըն է։

64