Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/67

Այս էջը սրբագրված է

ճռուողիւն կը ծաւալի տանս մէջ հիմայ»։

Այսպէս գրած է բանաստեղծը հատորին 12րդ

էջին վրայ, փոխանցելով էր զգացումները բոլոր մեծ հայերուն։ «կանչ ԱրցախիխրամատներունՄէջէն» քերթուածով բանաստեղծը դարձեալ կը յուչէ. Անոր ով լքէ կտուրն նայրենի Բախտի շուքէն դուրս այչ երդիկ չկայ: Եւ Պատմութեան դասն է. անյեղլի, դաժան,- Աոանց խոյանքի յաղթանակ չկայ։ Գոյամարտի մասնակից մը ինք տակաւին իր 18ին մէջ, ահա 94 տարեկանին կ’երկնէ քերթուած մը «Գոյամարտ» խորագիրով, ուր կ՚ըսէ. Յաղթանակի Դրօշին տակ Քաջեր կ՚իյնան. Ով կ՚ընկրկի Անփառունակ Դիակ մ’է ան։

Մեծ հայր բանաստեղծը իր օրհնութիւնները կը յղէ

ոչ միայն իր զաւակներն ու թոռնիկներուն, այլ նաեւ դրացիներու նորածիններուն, նաեւ հայ գրողներու- միշտ բանաստեղծութիւններով, որոնցմէ օրհնութեան ճառագայթներ կը սփռուին։ Եթէ տխուր է լալու չափ Անդրէասեանի մահուան առիթով, հրճուանքով վեր կ՝առնէ գործերը Ալիսիա կիրակոսեանին անոր նուիրելով քերթուած մը։

Բանաստեղծը այդ գործերուն մեջ` համակ

օրհնանք։ Ահա «Խոհերուս Արահետներով» բանաս- տեղծութիւնը.

                               67