Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/68

Այս էջը սրբագրված է

Կրնաս կամրջել վտակ ու գետակ, Կամրջել մտքով ծով ու ովկիան. Անկամրջեփն երկեակ Միտքն ու հոգին են միայն։

Հողըդ ներկէ, հունտ ցանէ՛.– Տօն մրգանաս. Սիրտըդ հերկէ, գի՛ր ցանէ,– յաւերժանաս։

Հացիդ մէջ սիրտ դիր, սեղանն երբ բաց է, Ձայնիդ մէջ գորով, աղերսն երբ բաց է։ Ահա բանաստեղծին «լթափառիկ խոհեր»էն թիւ 2ը. Մանէն անդին Սէր ու խինդ կա՞յ. Թէ՞ անքննին խորք մ՚հեռակայ... Բաւ է խորհիլ Թէ կա՚նք, կ՛ապրինք, Եւ զգալ բիլ ափ մը երկինք... 96 տարիքին գրուած այս տողերը անդորրութիւն կը բերեն ալեկոծ հոգիներու: Իր խորհուրդը.– իյնալ` չընկրկիլ, ծռիլ` չկոտրի՚լ.– Գնա կեանքի այս տենչով պայքարիլ...: Իսկ «Կեանքի Արահետներով» քերթուածին մէջ. Երբ լոյսերը չորս կողմ մարին, Վառէ մտքիդ ջահերը հին։

Անկեալին ձեոք, որբին՝ սիրտ տուր, Մեծանձնութեան պահն է այս լուռ։ Բախտի մուրիկ ափ մի՛ դառնար,

                                 68