Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/69

Այս էջը սրբագրված է

Եղի՛ր դարբնող ձեոք մ՚անդադար։

Հերկէ՛, ցանէ՛, քա՚ղ անձանձիր,-
Հացըդ առա՜տ... տար ու անցիր։

ժամանակին վախճան չկայ...
Ինչո՞ւ տխրիլ երբ մահը գայ։


Ալեք Գլըճեանը հասաւ իր հարիւրամեակին, բայց ահա 1996ին, «Վերադարձ» խորագիրին տակ կը գրէ իր շուրջ դեգերող մահուան մասին․

Մօտալուտ վախճանի մը շուքը կը դեգերի շուրջս
Շուտով կը մեկնիմ ես. կը մեկնիմ անյայտ ուղղութեամբ․
Եւ անվերադարձ․․․
Կը մեկնիմ լուռ, անշշուկ։
Մեկնումս ըլլայ պարզ, աննշմար, լոամփոփ, առանց
շփոթի.
Առանց լացի ու կոծի՝ ազգային, կուսակցական,
կրօնական ողջերթներու
Չըսուելիքներուն շքեղութիւնը կը շողշողայ հոն
Լռութեան մէջ վեհութիւն մը կայ։
Այո՛, մօտալուտ վախճանի մը շուգը կը դեգերի
շուրջս..

.

Այդ դեգերող շուքը դեգերելէ յոգնեցաւ․ այդ օրէն անցած են արդէն երեք տարիներ ու մենք կը պատրաստուինք տօնել բանաստեղծին 100ամեակը։

Հայերէն բանաստեղծութիւններու այս շարքին կը յաջորդեն անգլերէնով գրուած քերթուածները, ուր մեծ մասամբ խօսողը մեծ հայրն է իր թոռներուն հետ այնքա՛ն քնքշօրէն։ Թիւով 21 բանաստեղծութիւն։


69