Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/7

Այս էջը սրբագրված է

ահաւասիկ, ընթերցող, մեր կարգին մենք եւս ձեզի կը մատուցենq այդ հրաշէկ խօսքերը, որպէսզի դուք ունենաք ձեր սեփական կարծիքը ըսուածին մասին․-

«Սրտագին նուէր՝ Շունի մը, որ չուզեց գաղթական ելլել, ու նահատակուեցաւ․ եւ որուն կմախքը որջի մը առջեւ փռուած գտան ետքէն, ի՛ր որջին, ու կզակը հողին խրած։ Հո՜ղ՝ զոր պաշտպանել ուխտած Էր իր տիրոջ։

Իսկ տէ՞րը․- բիո՜ւ, կ՚ըսեն թէ հայ մըն էր ան, ու հիմա, իր հողէն հեռու՝ անդառնալիօրէ՜ն, հայրենալքումի մրրկող ապաշաւը իր հոգւոյն, կը մեռնի՛ այլ, քիչ մը ամէն օր։ ՈՒ չի հատնիր․․․»

Կարդացիք արդէն, վստահ եմ, ու պահ մը պահեցիք ձեր շունչերը այս կապարէ խօսքերուն դիմաց:

Այս ընթերցումէն ետք, մենք չենք գիտեր, թէ դուք ինչ ըրիք, սիրելի ընթերցողներ, բայց մենք, այդ օրերուն 16 տարեկան պատանի, վերցուցինք թուղթ ու գրիչ ու մեր կարգին կապարէ խօսքերով նամակ մը յղեցինք հեղինակին որուն մասին արդէն հաւաքած էինք որոշ տեղեկութիւններ․- օրինակ իմացած էինք որ Ալեք Գլըճեանը ծնած է 1900 թուականին Զորք Մարզպանի (Տէօրթ-Եօլ) Օճագլը գիւղին մէջ, թէ ան 1915ին, մանուկ, անցած է անապատէն որպէս տարագիր ուր կորսնցուցած է իր ծնողները, թէ յետոյ, արդէն պատանի զէնք վերցուցած է Արարայի յաղթական ճակատամարտին մեջ, ապա, զինադադարէն ետք վերադարձած հայրենի տուն, մասնակցած Տէօրթ-Եօլի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն՝ պեխն ու մօրուքը սածիլի պէս նոր ծնած եւ յետոյ, ստիպուած վերցնել գաղթականի ցուպը, քսան տարեկանին հասած Ամերիկա։


7