Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/71

Այս էջը սրբագրված է

Կը պյպյան, չե՛ն մարիր։ Խորապէս կը տառապեցնեն յաճախ, չե'ն յասալքեր։ Ու այսպէ՛ս, մօր մը ստինքներուն փակած երեխայի մը երանութեանց տաք ալիքները կ՚անցնին մտածումներուդ մթասքօղ արահետներէն։

Ցուշերը հոգեկան մշտահոս աղբիւրներ, չե՛ն հատնիր, չե՛ն սպառիր։

Անթաղ յոյգերու վերազարթնումն է այս, անվերջ պատարագ մը»։

Այլ գրութեան մը մէջ, որ խորագրուած է այսպէս․-

«Ընդ Գետն Բաբեյացւոց Անդ»..

«Ծննդավայրին յուշերով սնանող սիրտը ծերանալ չի գիտեր։ Հոգին մերթ կը սաւառնի, դէպի հարաւ, դէպի իր բոյնը, վերադարձող կռունկներու պէս, երթայ հանգչերու համար պահ մը իր ծննդավայրի մշտադաւար նարնջենիներու անտառին մէջ։

Չորք Մարզպան, Տէօրթ-Եօլ, ցանկալի Կիլիկիա։

Գիտէ՞ք, սակայն, թէ պարսատիկներու, սուիններու, ատրճանակներու եւ մավզերներու սիրահար, կըռւազան գիւղացիներ եղած են տէօրթեօլցիները։ Ազգային շունչ ու պատմութիւն ներարկելու տենչով իր ասպնջական սեղանին շուրջ բազմած են դաշնակցական Ակնունին, հնչակեան ժիրայրն ու Համբարձումը, ռամկավար Մլեհն ու Մխօ Շահէնը, որբախոյզ Ռուբէն Հերեանը։ Գիւղն ամբողջ կուսակցական ժամադրավայր մըն էր։ էրմէնի շիրքէթլէր»։

Մեր օրերուն համար ուսանելի եւ գործագրելի վկայութիւն մը, որուն իրագործումին ջանադիր


71