Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/72

Այս էջը սրբագրված է

պէտք է ըլլան մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխըտիր։ Ուշացած ենք արդէն։ Գործելու պահն է, որ իրարմով զօրանանք զիրար բգքտելու փոխարէն։

Էջեր կան Ալեք Գլրճեանի յուշերու պարտէզէն քաղուած, որոնք փայլուն գեղարուեստական պատմուածք մը կը ներկայացնեն․ այդպիսի կտորներէն մէկն է՝ <<Անշէջ Մորենին>>։ Գիւղի դպրոցական կեանքէն անմոռանալի պատկեր մը։ Այլապէս ալ Գլրճեանի բոլոր էջերէն պատգամներ կուղղուին մեզի։ Ահա <<Յիչատակի Խօսք» մը Աուրէն Մանուէլեանի եւ Բենիամին Նուրիկեանի մահերուն դիմաց․- «Այս «տղոց» մեկնումով հայ գրականութիւնը իր երախտաւոր մշակներուն տխուր կորուստը պիտի ողբայ․․․

Իսկ ե՞ս։

Ա՜, կը յիշե’մ։ Մատքի տուն մը ապահովուած էր ինծի՝ <<տղոց» այս փարախէն ներս մակաղելու։

Յիսուն տարիներու տարածութիւն մը կտրեցինք միատեղ, յիսուն տարիներու արածում մը հայ գրական անդաստանին, արօտատեղիներուն մէջ’ աոանց կիրքի, կռաըտուքի, նախանձի, քէն ու ոխի, աոանց ամենադոյզն իսկ փոխադարձ նախանձի»։ կը լսէ՞ք հայ գրողներ, Հոն Երեւանի մէջ եւ Սփիւռքի, կը լսէ՞ք, Բենիամին Նուրիկեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանլ, Յակոբ Ասատուրեանը Սուր էն Մանուէլեանը Ալեք Գլրճեանրը․ այսինքն «Նոր Գիր>>ի տղաքը, յիսուն եւ աւելի երկար տարիներ հաշտ ապրած են իրարու հետւ Լսեցէք եւ դաս առէք, դուք, որ երբեմն, նոյնիսկ կ’ ատէք զիրար, Թշնամաբար։

Գլրճեանը նախանձելիօրէն կ’աւելցնէ․

72