Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/73

Այս էջը սրբագրված է

«Թանկագին սփոփանք է ինծի, կեանքիս այս հեռաւոր հանգրուանին, կարենալ դեռ հեգել անունները սրտամօտ գրչեղբայրներուս, տրտմիլ մեկնողներուն յուշերով, եւ ծարիլ սա դիւրաբեկ կեանքին՝ ողջերուն սիրոյ ու համբոյրի ջերմութեան տակ»։

Թելադրութի՞ւնը՝ իրենց ճամբով քալել, ապրի՛լ։

Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցը, Հայոց լեզուն Գլըճեանի մտահոգութեան կիզակէտն է։ Յաճախ գրած Է այդ մասին․ մերթ բախտաւոր կոչելով նոր սերունդը։ Բայց բախտաւո՞ր, եթէ ընդարձակ ու լուսաւոր են հայ դպրոցները, երբ աշակերտները կը կրեն ճոխ հագուստ եւ ունին գրենական պիտոյքներու բոլոր տեսակները, բախտաւո՞ր, երբ անօթի դպրոց յաճախող հայ աշակերտ չկայ․․․

Սփիւռքի մէջ ծնիլն անգամ անբախտութիւն է, ուր մնաց ապրիլն ու թաղուիլը։ Տակաւին կայ հարցերու հարցը․- մէկը, Սփիւռքի մէջ, կրնայ ծնիլ հայ, բայց թաղուիլ․․․ օտար․․․

Ոչ, սիրելի Գլըճեան, բախտաւոր չէ նոր սերունդը․․․։

«Ապերախտ Ձըլլանք, Մեղայ Արարատին» արձակին մէջ բանաստեղծը կը գրէ իրաւացիօրէն․-

«Այո՛ , ապերախտ չըլլանք։

Աոանց Սարտարապատի ճակատագրական հերոսամարտին՝ Մայիս 28ը պիտի չունենայինք։ Առանց Մայիս 28ի պատմական իրողութեան, գուցէ եւ պարտադրուած, պիտի չարձանագրուէր Նոյեմբեր 29ի բախտորոշ մուտքը մեր ազգային տարեգրութեանց մէջ եւ Հայաստանը այլեւս պատմութեան անցած անուն

73