Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/74

Այս էջը սրբագրված է

մը, հողամաս մը պիտի դառնար։ Հազիւ յիշատակելի։

Ապերախտ չըլլանք։

Կաղին, կոյրին, ինկողին կից տալ դիւրին է, բայց՝ վատութիւն։ Համայնավարութիւնը, իբրեւ գաղափարախօսութիւն, իբրեւ իտէալ, արդի կրօնական հաւատալիքներու շարքին պատմական իր տեղը պիտի գրաւէ։ Փաստ է սակայն, թէ փառատենչ առաջնորդի մը, կամ նենգամիտ խմբակի մը չարաշահութիւնները՝ տիրապետելու գազանային բնազդով, կ՚անշքացնեն, կը խաթարեն գաղափարախօսութեան մը վսեմութիւնը։ Ազգերու պատմութիւնը վկայ»։

«Ասպարէզ»ի Յովան Թաշճեան յօդուածագիրին հանդէպ իսկ քաղաքավար ելոյթով մը կը գոհանայ երբ ան «գրչակ» եւ «ստրկամիտ» կոչած էր զինք եւ Ա․ Անդրէասեանը։ Իր պատասխանը․-

«Կը ցաւիմ միայն մտատրականի մը անվայել իր քենոտ, թունալից ու կամայական դատումներուն նամար։ Հայ պատմագրութիւնը կուսակցական մեր նախասիրութիւններուն պիտի չսպասարկէ։ Պոռոտախօսութիւնը, (ճիշդ բաոը վայրահաչութիւն է) պատմութեան դասագիրք մը չէ՛, չէ եղած երբեք։

Եւ կարաւանը կ՚անցնի»։

Այսքան։

Իր իննսունամեակն է։ Թոռնիկն է հարց տուողը․

- Մեծ հայրիկ, քանի՞ տարեկան ես։
- Ծնելէս ասդին կ՚ապրիմ, ձա՛գս։
- Այդ հաշուո՞վ․․․
- Հաշիւը համրանքին մէջ չէ, ձա՛գս։ Հաշիւը


74