քանակին մէջ չէ՚, ծաւլին, զանգուածին ու ժամանակին մէջ չէ՛, ո՛չ ալ դրամարկղներուն մէջ։
Հաշիւը նուիրումի, ծառայութեան, սիրոյ ու գուրգուրանքի մատուցման մէջն է. միտքն ու հոգին վերացնող մարդկային ազնիւ, երկնասլաց ճախրանքներուն մէջն է, եւ եղբայրական գրգանքի ու հաւատարմութեան մշտանորոգ խոստումնագրին մէջ։
- Մեծ հայրիկ, կրնա՞մ ծննդեան հարիւրամեակիդ արտասանել այս․․․ Խածնել, ուտելս կու գայ հաշուապահ այս թիզ մը պատրաստաբանը։ Իմ այգիին ազոխն է։ Վաղը ոսկեհատ ողկոյզ մը խաղող՝ սեղանիս վրայ կարաս մը գինի իբրեւ։
Գինովցած պիտի մեկնիմ․․․»։
Ո՞ր մեծ՛ հայրիկը պիտի չուզէր նման երկխօսութեան մը նստիլ իր թոռնիկին հեա եւ չուզէ՜ր գինովնալ։
Տխուր վերջաբանը այս բաժինին․– «Այո՛, սահմանուած էր որ ես չկարենամ երբեք թաղուիլ հայրենի հողին մէջ, բայց սա «ափ մը հողը», «հայրենի հողը» պիտի թաղուի ինձ հետ օտար հողի մը մէջ»։
Դաժան ճակատագիր, թաղուիլ օտար հողի մը մէջ։ Ակամայ կը մտածենք․– արդեօք մե՞ր ալ բաժինը այդ պիտի ըլլայ երբ օտարութեան մէջ անցած ենք 70ի սահմանը, նման անախորժ պարագայի մը պիտի տրուի՞ մեզի կանխակալ գոհունակութիւնը հայրենիքէն ափ մը հող ունենալու մեր թաղուելիք գերեզմանին մէջ․․․
Գլըճեանին է վերջին խօսքը․
«Հայրենի հողին կանչը մի՛շտ ալ ականջներուս
75