Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/78

Այս էջը սրբագրված է

է, որ այնքան լաւ վերլուծած է «կապարէ» երգերը բանաստեղծին։

Յաջորդաբար իրենց խօսքերը ունին արձակագիր Աուրէն Մանուէլեան, Արշակ Չօպանեան, Սամուէլ Յ․ Թումայեան, քննադատ ՅովհանՆէս Աւագեան «Հայաստանի կոչնակ» ի խմբագրութիւն, Շահէ Տատուրեան, Հենրիկ Անասեան, Արամ Ատոմեան, Արմէն Ղարեան, Նուպար Ակիշեան, Անդրանիկ Անդրէ ասեան, Վազգէն Գաբրիէլեան(Երեւանէն), Թորոս Թորանեան, Յակոբ Յ․ Ասատուրեան եւ Հերմինէ Սահակեան։

Աւարտն է հատորին, բայց ո՛չ բանաստեղծի կեանքին։

Ուրի՞շ խօսք չունի Ալեքը։ Իրա՞ւ Վերջ գտաւ մեր կրկնակի, եռակի ընթերցումը․․․

Հարիւրամեայ Ալեք Գլըճեանը կը շարունակէ ջերմացնել հոգիները իր այցելուներուն, իր հեռաւոր ընթերցողներուն։

Դաժան ճամբաներ ճեղքած բանաստեղծը իր դար մը լեցնող կեանքին մէջ մարսեց կեանքին վատութիւնները ու եթէ ամպոտեցաւ երբեմն, այդ մարդոց արեւը խափանելու համար չէր, այլ անձրեւելու համար, որպէսզի մշաեը ունենայ առատ բերք։

Ալեք Գլըճեանը մորմոքեցաւ կորուստին դիմաց իր նարնջաստան ծննդավայրին ու այդ կորուստին ահաւորութիւն երգեց դար մը ամբողջ կարեւորելով հողին դերը ազգին գոյատեւման մէջ․ ու հողին կողքին պանծացուց լեզուն, հայերէն լեզուն առանց որուն անյոյս նաւաբեկեալ մը կը դառնայ մեր ժողովուրդը վիշապալիքներուն տակ ովկիանոսներու։


78