Հոս կ՝ուզենք կանգ առնել, որպէսզի բանաստեղծին կենսագրութիւնը, քիչ մը վարը, տանք իր իսկ գրիչովը, քանի, այդ մէկը ոչ միայն աւելի հարազատ է, այլ նաեւ հնչեղ, զի գրուած է զմայլելի հայերէնով մը եւ ուր անկեղծութիւնը տօնահանդէսի տեսք ունի։
Այնուամենայնիւ չենք կրնար չաւելցնել, որ լսած էինք նաեւ, որ Գլըճեանը դադրած է ստեղծագործելէ։
Ուստի, բանաստեղծին յղած մեր նամակը առաւ խիստ շեշտ։ Աւելի քան կէս դարու հեռաւորութենէ մը վերյիչումի ճամբով ըսենք, որ գրած էինք այսպէս․-
«Սիրելի, սիրելի բանաստեղծ Ալեք Գլըճեան, ես ձեր ընթերցողն եմ։ Դուք սրտամօտ բանաստեղծ Էք։ Բանաստեղծը իր ժողովուրդին ոգին Է։ Կը լսեմ, որ դադրած Էք գրելէ։ Ի՞նչ է, կ՚ուզէք որ մեր ոգին մեռնի՞, դուք լռելու իրաւունք չունիք, ես ձեր նոր գործերուն կը սպասեմ այն վստահութեամբ որ պիտի ստանամ դրական պատասխան․․․»
Բայց, ընթերցող բարեկամներ, մենք այդ պատասխան նամակը չկրցանք ստանալ, որովհետեւ չգրուեցաւ այդ պատասխանը․ եւ գիտէ՞ք որքան ժամանակ, ամբողջ 40 տարի։
Ու քառասուն տարի, մեր գտնուած քաղաքներէն՝ Նիկոսիայէն, Հալէպէն, Պէյրութէն, Երեւանէն, մենք նամակներ գրեցինք Ալեք Գլըճեանին ու միշտ մնացինք անպատասխան։
Այս կացութեան մէջ սակայն մխիթարականը այն էր, որ մեր առաջին նամակէն ետք երբ ուրախութեան