Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/15

Այս էջը սրբագրված է

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿէ ՀԱՅՈՑ ԲԵՐԻՈՑ

Պատու արժան Գործադիր մարմին

Հ.Բ.Ը.Միութեան Հ․Ե․Ընկերակցութեան

Կ՚ողջունեմ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հ. Ե. Ընկերակցութեան ազնիւ նաիւաձեռնութիւնը նշելու բժիշկ Դոկտ. Թորոս Թորանեանի ծննդեան 75 ամեակը եւ գրական ու ազգային հասարակական գործունէութեան 55 ամեակը:

«Մշակը արժանի է իր վարձքին» կ՚ըսէ Ս. Աւետարանը (Ղուկ. 10,7): Դոկտ. Թորանեան հաւատարիմ մշակը եղաւ հայութեան անդաստանին մէջ. մեր պարտքն է իրեն ըսել. «Հունձքդ առատ, վարձքդ կատար»:

Արդարեւ ո՞վ Դոկտ. Թորանեանէն աւելի արժանի է մեծարանքի եւ գնահատանքի ի տես իր կոթողային վաստակին: Երկար տարիներ ջատագովը հանդիսացաւ մեծահռչակ անձնաւորութիւններու․ ժամն է․ որ արժանանայ մեր բոլորին ներբողին զինքը դասելով անոնց կարգին:

Երախտագիտութիւնը մարդուն ամէնէն վսեմ զգացումն է: Սոյն յոբելենական յիշատակութեամբ ազնուութիւնը կը դառնայ ազգային երեւոյթ:

Երեսուն տարի առաջ խոր տպաւորութեամբ ճանչցայ դոկտ. Թորանեանը. երեսուն տարի շարունակ հետեւեցայ իր անխոնջ գործունէութեան. երեսուն տարի ետք տակաւին սքանչացումով կը գտնեմ իր մէջ նորանոր տաղանդներ: Մաղթանքս է․ որ յաջորդ երեսուն տարիներուն ընթացքին նոյն խանդավառութեամբ իրագործէ իր բոլոր երազծրագիրները: Աւանդութի՞ւն է թէ զուգադիպութիւն. Հալէպի գաղութին հայ բժիշկները եղած են ու կը մնան գրական եւ մշակութային ասպարէզին մէջ նուիրեալներ: Դոկտ. Թորանեան իր գործին բերումով բժշկած է հիւանդներ եւ թմրեցուցած է մարմիններ․ սակայն որպէս մտաւորական արթնցուցած է բոլորին մէջ հայկական հպարտանք եւ տուած է ազգային շունչ: Կարելի չէ մոռնալ իր ռահվիրայի ներդրումը բարեկամութեան կամուրջներ հաստատելու հայ եւ արաբ բժիշկներու եւ գրագէտներու միջեւ:

Թորանեանը լեզու է, լեզո՜ւ... գրիչ է, գրի՜չ... միտք է մի՜տք... սիրտ է, սի՜րտ... վերջապէս մարդ է, մա՜րդ, հայու տիպարով, սասունցիի նկարագրով, այնթապցիի հաւասարակշռութեամբ, երեւանցիի պերճախօսութեամբ, հալէպցիի կենցադաղարքով եւ համաշխարհային քադաքացիի հայեացքով: Թորանեան զանգուածի մը չի պատկանիր այլ ողջ հայութեան:

Թող Դոկտ. Թորոսին լեզուն մնայ միշտ բոցավառ, գրիչը' դալար, միտքը' պայծառ ու սիրտը միշտ կայտառ:

Ձեր եւ Յոբելեար դոկտ. Թորոս Թորանեանին ու իր ընտանիքին վրայ կը հայցեմ աստուածային երկնառատ օրհնութիւններ:

Հալէպ, 15.02.2003

ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՔ. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԲԵՐԻՈՑ ԹԵՄԻ

ԿԱԹՈՂԻԿԵ ՀԱՅՈՑ

14