Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/16

Այս էջը սրբագրված է

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Քրիստոսի Սիրելի եւ Թանկագին Գործակիցներ. Կ՚ողջունենք ձեզ մեր նախահայրերուն Բարձրեալ Աստուծոյն պատուական անունով եւ յաւերժական սիրով ու կը հայցենք Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները եւ բարիքները ձեր եւ ձեր գործունէութիւններուն վրայ:

Ուրախութիւնով եւ առ Աստուած գոհունակութիւնով ստացանք ձեր պաշտօնական նամակը եւ հրաւՒրը. ուր մեր հետ կը բաժնէք ձեր ուրախութիւնը, թէ' ծրագրած էք յառաջիկային յոբելենական հանդիսութիւնով մը նշել Բժիշկ Թորոս Թորանեանին ծննդեան 75 եւ գրական ու ագգային- հասարակական գործունէութիւններուն 55 ամեակները Կը շնորհաւորենք ձեզ այս աոիթով ու կը շնորհաւորենք ձեր րնտրութիւնր մեծարելու եւ պատուելու արժանաւորը

Բժիշկ Թորոս Թորանեան հայ մարդը դարձաւ համակ նուիրում. խօսք ու գոըծունեութիւն մեր հայ իրականութենէն Հայրենիքեն եւ Սփիւոքէն սերս Ան. իր մասնագիտութեան ու ասպարէզին կողքին նուիրեց ու սուիրուեցաւ հայ մարդուն, հայերէն գիրին, լեզուին. մշակոյթին. Հայրեսիքին. Հայրենիքի զաւակներուն. Հայրենիքի բարքերուն ու Հայրենիքի մոռցուած էջերուն Ապրեցաւ հայօրէն.խօսեցաւ ու գրեց հայերէն, տագնապեցաւ Հայրենիքին վերքով, ցաւով ու տառապանքով. հրճուեցաւ Հայրեսիքին վերելքով.նուաճումներով ու ստեղծագործութխններով Ան. որպէս հայասեր ու հայրենասեր հայորդի, մնաց պատնեշի վրայ. չմոռցաւ իր աոաջին սերը հայրենի հողը. Հայրենիքը. Հայաստանը եւ դարձաւ Հայրենիքի դեսպանը Սփիւռքի մէջ եւ Սփիւռքի դեսպանը Հայրենիքի մէջ

Վերջապէս. Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին ու մեր անունով,կը գոհանանք Բարձրեալն Աստուծմէ Բժիշկ Թորոս Թորանեանի 75 ամեայ կեանքին ու կոչումին եւ 55 ամեայ գրական ու ազգային հասարակական գործունէութիւններուն համար Այս ուրախալի առիթով, կը շնորհաւորենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնր. Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնր եւ մեր սիրեյի Յոբելեարը. կը մաղթենք անոր առողջութիւն. արեւշատութիւն ու ծաոայութեան առաւել բեղուն շրջան:

Կը մնանք. Աստուծոյ առատ օրհնութիւններով եւ ջերմ աղօթքով. Քրիստոսի Սիրով եւ Ծառայութեան Մէջ

Վերապատուելի Աւետիս Պոյնէրեան Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին

6 Փետրուար. 2003