Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/20

Այս էջը սրբագրված է

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻԻՆ Ցարգելի Տոքթ Թորանեան.

Հաճոյքով տեղեկացանք. թէ Մարտ 7ին ՀԲԸՄիութեան <այ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնր. լոբելենական հանդիսութեամբ մը պիտի նշէ ձեր ծննդեան 75 եւ գրական ու հասարակական բեղուն գործունէութեան 55 ամեականները։

Այս մեծարանքը կը ցոլացնէ ձեր գրական եւ ազգայինhասարակական բազմամեայ վաստակին արժանի գնահատանքը։ Դուք․ ՀԲԸՄի Մելգոնեան Կրթարանի երախտաւոր սան․ թրծուեցաք հայրենասիրութեամբ․ ազգին եւ գրականութեան սէրը ջամբող նուիրեալ ուսուցիչներու ջերմ hnգատարութեան ու գուրգուրանքին տակ․ ապա կատարելագործելով ձեր գիտելիքները հայրենիքի բարձրագույն կրթարաններուն մէջ վերադարձանք հալէպահայութեան գիրկը. մաս կազմելով Միութեան Սուրիոլ Շրջ Յանձնաժողովին ու զանազան յանձնախումբերուն. եւ յատուկ նուիրւածութեամբ ձեր մասնակցութիւնր բերեք միութենական բազում աշխատանքներուն։

Գաղութէ գադութ ու Հայաստան շրջելով հայրենիքին սէրը. հայ գիրն ու գրականութիւնր կը տարածէք ամենուրեք եւ ձեր տպաւորութիւնները. որպես փնտոուած յօդուածագիր․մամուլին յանձնելով կ՚առինքնեք ձեր ընթերցոները Ձեր բազում գիրքերու հրատարակութեանց առընթեր. մեկենասեր կը գտնէք. որպէսզի արժանաւոր հեղինակներու գործերը լույս տեսնեն․ ի փառս հայ գրականութեան տարածման ու պահպանման։

Այս բարեբաստիկ առիթով կը շնորհաւորենք ձեզ մաղթելով ձեզի արեւշատութիւն. որպէսզի նույն խանդով շարունակէք հայ մշակոյթի տարածման ձեր օգտաշատ ճիգը։

Լաւագոյն զգացումներով.

ՊԵՐՃ ԱԵԴՐԱԿԵԱՆ ՀԲԸՄի Նախագահ

Փետրուար 5. 2003