Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մեծ ըն¬
տանիքը անհուն սիրով կ՚ողջունէ ազգային հասարակական անխոնջ գործիչ, ներհուն բեմբասաց եւ հրապարակագիր Բժ. Դոկտ. Թորոս Թորանեանը, որ յիսունհինգ տարիներ շարունակ անձնուի- րութեամբ ու անսակարկ կերպով իր ժամանակը, եռանդը, կարողու- թիւններն ու տաղանդը ի սպաս դրաւ իր ժոդովուրդին եւ հայրենի¬ քին գովքին ու բարօրութեան:
Ցոբելեարին ներդրումները ՀԲԸՄիութենէն ներս մեծաթիւ են:
Ան մկրտուած է ՀԲԸիութեան աւագանին մկջ ու զինուած ծառա- յութեան անսպառ կորովով: Գործօն մասնակցութիւն բերած է անոր վարչական կազմերէն ներս, որպէս Հալէպի Մասնաժողովի Ատենա- պետ ու ՀԲԸՄի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ:Ան Միութիւնը կը նկատ է իր տունը ու միշտ հոգածութեամբ կը մօաենայ անոր յառաջդիմութեան գարգացումին ի իւնդիր:
Սփիւռքահայ իրականութեան մկջ Բժ. Դոկտ. Թորոս Թորան-
եանը կը մնայ այն հազուագիւա ազգային երախտաւորներէն, որ իր գործունէութեամբ եղած է; ու կ հայ գիրի ծառան եւ հայ ժոդովուրդի շրջուն դեսպանը:Նուիրուեցաւ այն վեհ գաղափարին, որ կը կոչուի հայապահպանում:Հայրենասիրական ոգիի ներշնչումը եղաւ իը ողջ կեանքին գործունէութեան հիմնական ոլորտը:
Բժ. Դոկտ. Թորոս Թորանեանի հարուստ գործունկութիւնը, գիրն
ու գրականութիւնը գովերգութեան պէտքը չունին, ան վաստակած է զայն իր անսահման հայրենասիրութեամբ. աշխատանքով. ճակտի քրտինքով. եւ անտարակոյս իր արժանի տեղը գրաւած կ սփիւռքահայ գրականութեան մեծերու շարքին:
ՀԲԸՄիութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովը կը ցան-
կայ, որ այս հանդիսութիւնը վաստակաւոր Յոբելեարին նկատմամբ որպէս երախտագիտական արտայայաութիւն. մղէ զինք նոր գոր- ծունկութեան, աշխատանքի, շարունակելու հայ մշակույթի պահպա- նութեան դարաւոր գործը:
ՍՈԻՐԻՈ8 ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ
ՑԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՀալկպ, 17 Փեստուաը 2003 20