Բացի Մերձ. Արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներէն, բացի զոյգ Ամերիկաներէն, Քանատայէն ու Աւստրալիայէն' Յոբելեարը հասաւ մինչեւ Չինաստան եւ Հնդկաստան, հասաւ հեռաւոր ծագերն աշխարհի:
Այս ճամբորդութիւնները զբօսաշրջութեան բնոյթ չկրեցին բնաւ, այլ եղան ամենուրեք հայու բեկորներ որոնելու սրբազան աոաքելութիւններ Անոնք ծաոայեցին յայտնաբերելու օտար լեզուներով, օտար գրականութեանց ծառայող հայ գրողներ, արուեստի այլ մարզերու մէջ ծառայող հայ արուեստագէտ վարպետներ, որոնք հայու անունը բարձր կր պահեն օտար երկնակամարներու տակ․․․:
Յիշեալ ճամբորդութիւնները առատ նիւթ հալթալթեցին անխոնջ հրապարակագրին, որ իր մեղրահամ յօդուածներով ծաղկեցուց սփիւռքահայ մամուլի էջերը
Որպէս հրատարակիչ. Դոկտ Թորոս Թորանեան բացի իր անհատական հեղինակութիւններէն, իր գոյացուցած միջոցներով հրատարակեց կամ վերահրատարակեց 150է աւելի արժէքաւոր հատորներ, որոնք կրնան գրադարան մը կազմել։
Հայ լեզուի եւ գրականութեան նահանջով տոչորուող Յոբելեարին կատարած հրատարակչական բեղմնաւոր աշխատանքը առանձինն կր բաւէ, որ մեր ժողովուրդը երախտապարտ մնայ իրեն եւ անոր անունը ոսկի տառերով արձանագրէ սփիւռքահայ հրատարակչական կեանքի պատմութեան մէջ։
Աւելորդ է գուցէ յիշել, որ արժանաւոր Յոբելեարը արդէն հանրածանօթ եւ յարգուած դէմք է ոչ միայն Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներուն մէջ, այլ նաեւ Մայր Հայրենիքի գրական շրջանակներուն մօտ։
Առ այդ, աւելցնենք. որ ներկայ յոբելենական հանդիսութեանց բարեբաստիկ առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորենք յարգելի Յոբելեարը եւ անոր կը մաղթենք արեւշատ եւ քաջառողջ տարիներ, որպէսզի մշտանորոգ թափով շարունակէ սիրցնել «Տաֆթարր. ղալամն ու գիրը․․․»
Վարձքդ կատա՜ր, գրիչիդ մելանը անպակա՜ս, աչքիդ լոյսը անսպա՜ռ սիրելի Յոբելեար․․․։
Լաւագոյն բարեմաղթութիւններով եւ յարգանքով՝ Հալէպ․ 10.2․2003