Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/41

Այս էջը սրբագրված է

մը կարծես, որ տան խաղաղ մթնոլորտին մէջ նստիլ հանգչելու առիթ չի տար, ներքին որդը, իր մկջ, անհանդուրժելի կը գտնէ լարուած ջիղերու հանդարտումն ու ապալարումը: Իսկոյն ճամբայ կ՚ելլկ: Եւ հոն, ուր ուրիշ ճամբորդներ հետամուտ են այցելելու առհասարակ հաճոյքի վայրեր, ան, իր ճամբուն վրայ, աշխարհի ո՜ր անկիւնր ուր տարագիր հայ մը կայ, անպայման կը փնտռէ, կը գտնէ, կը ծանօթանայ եւ յետոյ տուն վերադարձին' անոնց մասին կը գրէ խանդավառ տողեր:

Եւ սակայն, առանց հեռուներր երթալու, իր ապրած քադաքին' Հալէպի մէջ ե՜ւս շարունակելի կ իր վազքը: Շատերուս համար, այո՜, հեռուներէն զգալի է տեղական, ազգային-մշակութային կեանքին խառնած իր տքնաջան աշխատանքը: Գաղութը արթուն պահոդ քանի մը ինքնանուիրեալ անձերէն առաջին գիծի վրայ կանգնած գրչագիրն ու գրչակիրն է ան: Տեդի ունեցող ամէն հանդիսութեան մկջ անպայման բաժին մր ունի: Ինչպէս որ, Սփիւռքի թերթերու մէկն ու միաին մկջ' իւրաքանչիւր շաբաթ անպայման գրութիւն մը: Մեր երկարամեայ բարեկամը լիովին արժանի է գնահատական այս հանդիսութեան: Ուրախ ենք ու ի սրւոէ կր շնորհաւորենք դինք եւ կը մաղթենք իրեն ու իր համբերատար ազնիւ տիկնոջ առողջ ու երջանիկ օրեր:

Կը շնորհաւորենք նաեւ հանդիսութիւնը նախաձեռնող ու հովանաւորող Ցանձնախումբր:

Պատուող ու պատուրւող' բոլորիդ ալ ճակաւոր համբուրելով, մնամք սիրալիր զգացումներով'

Թկնրֆլայ, Նիւ ճրրդի 15.2.2003 ՅԱԿՈԲ 3. ԱՍԱՏՈԻՐԵԱՆ

ՈՂՋՈՅՆ ԵԻ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ գիր՝ տոքթ. թորոս թորանեանին

Քնքոյշ հոգի մը երէկ ինծի լուր տուաւ, թէ Հալէպի մեր հայրենակիցները մեծարանքի հանդէսով պիտի տօնեն գրական եւ հանրային վաստակիդ ոսկի յոբելեանը: Չե՜ս կընար երեւակալել, թէ Թորո՜ս, որքան ուրախացայ, ասոր համար, դուն արժանի ես մոծարանքի քանի՜ մը հանդէսներու, երբ մանաւանդ մեծարողներր զայն կը կատարեն հայ Սփիւռքի Մա՜յր Գաղութին մէջ: Հալէպը ինծի համար է՜, կը մնա՜յ իբրեւ Մայր Գաղութ ուրկէ ծաղկեցան ու ճիւղա- ւորուեցան արւոասահմանի հայ գաղութներու լաւագոյն աարրերը' իբրեւ խմբագիր, գրող, հանրային գործիչ, եկեղեցական եւ այլապէս:

   Կէս դարու վաստակ մը ունիս Թորոս, սփիւռքահայ մամուլին

մէջ եւ հայ կեանքի գրական եւ հանրային ծառայութեանց դաշտերուն վրայ: Տարածուեցար Հալէպէն Պէյրութ, Պալքաններր, Եւրոպա, ի

40