Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/42

Այս էջը սրբագրված է

վերջոյ՝ Հայաստան, ուր մնացիր իբրեւ ուսանող մօտ տասը տարի մտար հոն իբրեւ բանասիրական ճխղի ուսանող եւ դուրս եկար իբրեւ բժիշկ' ֆիզիքական ցաւերը ամոքելու մարդկութեան զաւակներուն եւ մանաւանդ քու աղգակիցներուդ. երկու տասնեակէ աւելի ծառայելով Հալէպի մէջ Ես քեզ ճանչցալ, Թորոս, անշուտ կը լիշես լաւ, 1945 Նոյեմբերին․Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ, ուր արդէն երկու տարի է ուսանող էիր: Բորբոքուն հոգիով․ անսպառ խանդավառութեամբ ուսանող մըն էիր:Հայ գիրը. հայ պատանին․ հայ սէրը քու առանցքդ էր․ մեր հայրենիքը՝ պաշտամունքիդ առարկան, եւ ո՜վ որ քեզ կը ճանչնար անպայման պիտի սիրէր: Ես ալ այդ շարքին մէջ գտնուեցայ եւ շուտով դարձանք գաղափարի․ծաոայութեան եւ հաւատքի գործընկերներ:

Հաւատացիր խորապէս եւ մասնակցութիւնդ բերիր սփիւոքահայ մամուլին եւ հանրային կեանքին: Քեզմէ յետոյ կրնամ ըսել թէ ե՜ս քեզ լաւ կը ճանչնամ. ո՛չ թէ գրուածներով․ այլ՝ չգրուածներով Կեանքիդ գիրքը կարդացած եմ իմ հոգիիս աչքերով եւ միտքիս հայելիին դիմաց դիտելով, կշռելով կատարած գործերդ: Տարակարծիք եղած ենք յաճախ. բայց մեր սէրը երբեք չէ պակսած իրարու հանդէպ: Դուն ալեծուփ կեանք մը ունեցար, երկար եւ սպառիչ վազք մը եղաւ անիկա: Ծեծուեցաը կեանքի հնոցին մէջ, բայց ոչ. չհալեցաը եւ չմաշեցաը: Ընդհակառակը՝ կամքդ մնաց պողպատեայ եւ գրիչդ՝ անըսպաո: Սաւառնեցար մշակութային լայն հորիզոններու վրայ. բայց ի վերջոյ կեդրոնացար ազգային մեր կայուածին. հայ ժողովուրդի. հայ գրականութեան եւ հայ բանաստեղծութեան անդատաստանին մէջ:

Հրատարակչական բրգանման վաստակ մը ունիս, Թորոս, աչքիս այդպէս կը ներկայացնեն այս պահուս, հրատարակած գիրքերդ, քու եւ խմբագրած հրատարակութիւններդ, մեծ ու փոքր հատորներ, որոնք միայն հպարտութիւն կը պատճառեն, եւ լայն հարցումներու դուռ կը բանան, թէ՛ ինչպէ՞ս այս մարդը կրցեր է այս բոլորր իրագործել, ձեռագիրներ գտնեյ, շարել, պրպտել, սրբագրել, գիրք կագմել եւ մնաաւա՛նդ զանոնք սպառել Ասիկա երեւո՜ւթ մըն է Թորոս:Ե՜ս կը հաւատամ թէ ատոր ադբիւրը քու հաւատքդ է, հայ գիրին հանդէպ ունեցած սէրն է, եւ Մելգոնեանի մէջ սրտիդ եւ հոգիիդ մէջ դրաուած Մեսրոպ Մաշտոցի փոքր լոյսը, որ խոշոր հրդեհի վերածաեցաւ

Այս հանդիսաւոր պահուն, քեզի կր մաղթեմ մէ'կ բան, ֆիզիքական տոկունութիւն եւ հոգեկան անամպ երկինք:

Սէրս եւ ողջոյնս քեցի, կեանքի ընկերուհիիդ, ընտանիքիդ պարագաներուն, եւ երբեմնի ի՛մ գաղութիս՛ Հայէպի մայր գաղութի հայրենակիցներուս:

Ոդջոյն եւ սէր քեզի, Թորոս սիրելի

ԱՆԴՐԱՆԻԿ Լ ՓՈԱԵՏԵԱՆ

Ճըըզի, Ա․Մ․Ն 15․2․2003

41