Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/43

Այս էջը սրբագրված է

Սիրելի' Թորոս Թորանեան, Սիրելի բարեկամ, Քեզմով, կեանքովդ եւ գործունէութեամբդ կը հաստատես յաարաբերականութեան տեսութեան բացարձակ ճշմարւոութիւնր: կարելի չէ հաւատալ, թէ դուն արդկն 75 աարիներդ թեւակոխած երէց նանձաւորութիւն մըն ես, եթէ նկատի առնուի քու մէջդ ամբարուած ներուժիդ, խանդավառութեանդ, աշխատանքի եւ գրելու եռանդիդ ցարդ գործածուած մէկ - պիտի ըսէի- համեսա տոկոսը նոյնպէս անհաւաաալի կը թուի, թկ դուն միայն եօթ տասնամեակ ու կէս կեանք մր ապրած ես, երբ յաջոդած ես այդքան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ լոյս աշխարհ բերել այդքան բազմացան եւ բազմասեռ գործեր, որոնք տրամաբանօրէն անհատէ մը պիտի պահանջէին տարիքիդ եռապատիկը։

Այսքանը՝ ըսելու համար, որ դուն դարձած ես երեւոյթ մը ժամանակակից գրական-մշակութային հայկական աշխարհին մէջ, քանի գործունէութեանդ դաշտը ընդգրկած է միաժամանակ Սփիւռքր եւ Հայաստան․ուր ոչ ոք անունիդ անծանօթ է, ինչպէս որ ոչ մէկ դէմք քեզի անծանօթ է, քանի գործունկութեամբ եւ գործերովդ դուն եղած ես հաղորդակցական առանցք մը մեր գրական-մշակութային կեանքին եւ դէմքերուս միջել:

Ցոբելենական հանդիսութեանդ առթիւ, պիտի ըսուին աշխատանքդ եւ բերքդ մեծարող գնահատանքնեը, որոնց կը փութամ միացնել այս վերջին պահու կարճ խօսքս երկարամեայ բարեկամական զգացումներուս արաայայաութեան առրնթեր:

Վարձքդ կատար եւ կորովդ անպակաս:

Պոսթըն

ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ

42