Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/51

Այս էջը սրբագրված է

անպայմա՜ն, «երեւոյթ », եւ շատ հաւանաբար " «անկրկնելի»: Բարի տարեդարձ «Կէսօրուան Արել»... Գե՜տ, խոստումդ չդրժես ու չընկրկիս... դէպի 120 ամեակդ»:

Հալէպ, 21 Նոյ. 1998

Յակոբ Միքայէլեան

«Տքթ- Թորոս Թորանեան երեւոյթ մըն է սփիւռքահայ գրականութեաս մէջ: Ան ամբողջ իր կեանքին մէջ անսակարկ ու անշահայսն դիր նուիրումով զբաղած է ուրիշներու գրականութեամբ: Ուրիշներու գրականութիւսը ծանօթացնելու Համար լեռնակուտակ աշխատանք տարած է ան: Մեծ կամ փոքր անհամար դիրքեր հրատարակած է միշտ իր սեփական նախաձեռնութեամբ եւ հանդիսացած է ամէնէն վստահելի սիրոյ կամուրջը սփիւռքահայ գաղթօճախներու ու գրողներու միջեւ: Հայաստանին մինչեւ Ափիւռքի ամէնէն հեռաւոր կեղրոնները, Թորանեան ման եկած է փնտռելու համար հայ գրողը եւ զայն դնելու համար այն պատուանդանին վրայ, որուն արժանի է: Քիչ մըտաւորականներ իրենց գրելու տաղանդը այնքան ի սպաս դրած են ուրիշներու դրականութիւնն ու վաստակը ծանօթացնելու ազնիւ նպատակին, որքան ըրած է Թորոս Թորանեան: Սփիւռքահայ ամէն գրող, ամէնէն տաղանդաւորէն մինչեւ ամէնէն համեստը, անպայման բան մը պարտական է Թորոս Թորանեանին»:

Պոլիս, 21 Նոյ. 1996

Ռոպէր Հատտէճեան

Երանի Ափիւռքի ամէն հայ Թորանեանի նման այդքան գործ անէր Հայաստանի եւ նրա մշակոյթի համար: Հիացումով ու սիրով" դէպի նրա եռանդը եւ գործը:

Ծաղկաձոր, 8 Մարտ 1980

Գէորգ էմին

Գրագէտ, գրականութեան եռանդուն տարածիչ ու ինծի լաւ բարեկամ է Թորոս Թորանեանը:

Պէյրութ, 13 Յունիս 1980

Վահէ Վահեան

Ահա մի թանկ բարեկամ՝՝ Թորոսը, գրող, ժուռնալիստ, որ ունի փխրուն եւ ուժեղ սիրտ, որ կը մնայ մայր հայրենիքին նուիրեալ մտաւորական:

Երեւան, Օգոստոս 1980

Վարդգէս Պետրոսեան

Թորոսը հոգով, սրտով, պահուածքով բանաստեղծ է:

Երեւան, 2 Գեկտ. 1980

Սփէփա կապուտիկեան

Իմ պաշտելի Թոոոս Թորանեան, Հզօր մարտական զինակիցս ես դու: Առասպելական Աիւնիքի սուրբ հողից օրհնութիւններ քեզ:

Նորք, 21 Մարտ 1987

Սերօ աանզաղեան

Թորոսը անխոնջ է ու անդադրում, ճշմարիտ հայ մտաւորական: Թորոս ջան, տաղանդաւոր մարդը հանգստի իրաւունք չունի: Դու ես:

Նորք, 21 Մարտ 1987

Սօս Սարգսեան

Թորանեանը' գրական բազմեռանդ մշակ:

Այնճ ա ր, 29 Գեկտ. 1990

Պօէէո ս Անապեան

Խան գավառ գրող, հ այրենասէր մտաւորական եւ թանկագին

50