— Թագւո՜ր, քոյ ծառտ գովել պիտի,
Էն գովողին, հա՜յ, ղիլայ պիտի,
Սելով սեղան, բեռնով գինի,
Սըտով խօրվու, հայ, ղիլայ պիտի,
Բերէ՛ք լըտրով, բերէ՛ք կիսով,
Բերէ՛ք հօխով, հա՜յ, ղիլայ պիտի։
⁂
Ծաղկեցաւ ծառըս կանանչ,
Ի՜նչ աննըման էր.
Լուսեղէն պըտուղ տուաւ,
Ի՜նչ աննըման էր։
― Ծաղկեցաւ ծառըս կանանչ,
Ի՜նչ աննըման էր.
Լուսեղէն պըտուղ տուաւ՝
Եայվայ նըման էր։
— Այն ճեղբեր ալփին-ալփին,
Ի՜նչ աննըման էր.
Լուսեղէն պըտուղ առաւ,
Ի՜նչ աննըման էր։
― Այն ճեղբեր ալփին-ալփին՝
Աստուածածինն էր.
Լուսեղէն պըտուղ առաւ՝
Տէր միածինն էր։
— Այն էգուան հովն էր հովեց
Եւ աննըման էր,,
Աղուէնուն գ՚ելնէր, մըտնէր՝
Ի՜նչ աննըման էր։
— Այն էգուան հովն էր հովեց՝
Աոաքեալներն էր.
Աղուէնուն գ՚ելնէր, մըտնէր՝
Արդար հոգիքն էր։
— Այն բախչէն, կանանչ բախչէն,
Ի՜նչ աննըման էր.
Ծով մը կար բախչի դուռը,
Ի՜նչ աննըման էր։