Էջ:Armenian classical poetry vol 1.djvu/40

Այս էջը հաստատված է
ՏԱՂ ԿՌԸՆԿԻ

Կանչէ՛, կըռո՛ւնկ, կանչէ՛, ձայնիկդ ի հոգիս,
Դուն ալ խիստ քաղցրիկ ձայնիկ մի ունիս,
Աշուն է մօտեցեր, երդալու կամիս,
Բարօ՛վ դառնաս, բերես գարնան աւետիս։

Կանչէ՛, կըռո՛ւնկ, կանչէ՛, դու քաղցրաձայն ես,
Ձայնըդ կու գայ հեռուստ, դու աննըման ես,
Բազում և խիստ ի վեր բարձրագընայ ես,
Աղաչեմ՝ յիմ տանէն խաբրիկ մի բերես։

Կանչէ՛, կըռո՛ւնկ, կանչէ՛, ձայնիկդ ի հոգիս,
Երթաս, բարօ՛վ դառնաս, մուրատիտ հասնիս,
Ղարիպութիւն անկայ, տըրտում է գերիս,
Թխտիկ մի բեր տընէս, մըխիթարէ զիս։

Կանչէ՛, կըռո՛ւնկ, կանչէ՛ սըրտով սիրելիս,
Գիտեմ՝ բարձըր կ՚երթաս, ամէն տեղ նայիս,
Զաչերըդ համբուրեմ՝ զիմ տունըն տեսնիս,
Որ է՛ անդադար ի մէջ իմ սըրտիս։

Գանգատ առնեմ քեզ, թըռչուն գովելի,
Ղարիպութիւն անկայ ողորմ ու լալի,
Ո՛չ ազգական աստ կայ և ո՛չ սիրելի,
Սըրտիկս է դառնացեր, աչերս է լալի։

Գընա՛, կըռո՛ւնկ, գընա՛, տէր ընդ քեզ լիցի,
Պահէ ըզքեզ անփորձ ի յորդոց յորդի,
Ես իմ ղարիպ անկեալ ի յօտար երկրի,
Տէրըն նասիպ անէ մեր տեղըն մեզի:


ԿՌՈՒՆԿ

Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառա՛յ եմ ձայնիդ,
Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս.
Մի՛ վազեր, երամիդ շուտով կը հասնիս,
Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս։