Էջ:Armenian classical poetry vol 1.djvu/52

Այս էջը հաստատված է

Խեր չըտեսնէր Կոլոտ փաշէն.
Բաժն էր կոլոտ, բըրչամ՝ երկէն.
Կանչեց Մոկաց Միրզէն,
Տարաւ իւր օդէն
Բեմուրա՛դ կէնէր Կոլոտ փաշէն։

Առեց փարէն, իջաւ շուկէն,
Ետու, առեց մէկ բաշըլէն,
Առեց բերաւ, դանակ դեղեց մէկ երեսէն,
Կաժեց, կաժ մ՚ինք կերաւ,
Մէկ ետու՝ Մոկաց Միրզէն։
Բէմուրա՛դ կէնէր Կոլոտ փաշէն։

Հեծաւ ըզձին Մոկաց Միրզէն,
Քամեց մազդէն,
Շըրջաւ բալակ աչքեր, կախաւ լամէն.
Թափաւ մրուսէն,
Թափաւ մազեր կարմիր երեսէն,
Թափաւ բեղեր նազիկ պըռկէն,
Թափաւ դեղին ջուր սիպտակ լեշէն։
Բեմուրա՚դ կէնէր Կոլոտ փաշէն։

Եկանք, հասանք չուր Խընկու դարէն,—
Բարով հասանք չուր Խընկու դարէն։—
Տեսանք ժուռ-ժուռ նաշը ներքուց բերեն։
Հազա՜ր ափսոս Մոկաց Միրզէն,
Բէմուրա՛դ կէնէր Կոլոտ փաշէն։

Եկանք,հասանք չուր Բըռնաշէն.—
Բարով հասանք չուր Բըռնաշէն։—
Կուժն ու կըթխէն կապած նաշէն.
Պուտ-պուտ արիւն թափեր գետին։

Հազա՜ր ափսոս Մոկաց Միրզէն,
Բէմուրա՛դ կէնէր Կոլոտ փաշէն։

Խաբար տարէք Մալաքեաւէն,
Թող խաղա հանաղէն,
Թող խաղա ջանաղէն։