Այս էջը հաստատված է

***
Հալալ կ՚էնիմ մեր գութնին,
Զ՚հալալ կ՚էնիմ ձեր գութնին.
Վըր արտանին, վըր կռնատին,
Շէկն ա կոտրէ ներսի սամին,
Ճուապ տարէք խազնատարին,
Ճիժ չը վաստկի կիրակմտին,
Կնունք չ՚էնեն ուրբաթմտին,
Գործ առաւ ե՜լ։

Մաճկալ կայնաւ վըր մաճին,
Ոսկի բոչամ վըր ակնջին,
Ձէն տւեց համլւորին,
Համլւոր ըսեց ուժտնւորին,
Ձէն հասաւ հորիքւորին,
Ձէն տւէք հորևորին,
Որ դուշմնի արևն հորին,
Գործ առաւ ե՜լ։
Գործ, գործ, ղուրպան գործ.
Գործ առաւ ե՜լ։

Գութան գ՚իլէր ուր գին կ՚ուզէր,
Գութնի բուղէն կռիւ կ՚ուզէր,
Շէկի կռտան կնճակ դուզ էր,
Վըր արտանին, վըր կռտանին,
Ջուապ տարէք խազնադարին,
Տեղին պարկող կիրակմտին,
Ճիժ վաստկող ուրբաթմտին,
Գիրկ դրեց հորևորին։

Հորևորին՝ կարմիր գլոխ,
Մկնտան՝ մուկն ի բերան,
Փոշէտան՝ փոշին ի յաչք,
Խարզնտան՝ խարզան ի ձեռ,
Խնծորտան՝ խնծոր գոտին.
Ազապ աղջիկ ուժտնւորին,