Այս էջը սրբագրված է

ԴԱՌՆ ՀԱՑԸ

I

Աննա գլուխը ձեռքերուն մէջ մտիկ կ՚ընէր զիս ու երբեմն կը դիտէր Վանին։ Դէմքին վրայ քաղցր լոյս մը կը ցոլար։

— Ամէն մարդ ի՛ր վէրքը ունի,— ըսի յամառելով,— ամէն մաըդ՝ իր արիւնը։ Այդ պատճառաւ է, որ ամէն մարդ տարբեր ուժգնութեամբ ու տարբեր ձեւով կը տառապի։ Ամէն փախուստ քաղցր է մեր վէրքէն, մեր արիւնէն։ Քանի՜ գիշերներ անկողին մտած պահուս մարմինս հայցած է ոչ թէ քունը, այլ՝ երազը, տարաշխարհիկ երազներու արբեցուցիչ շուայտութիւնը։ Ընթերցումը եւս փախուստ մըն է,— յարեցի յապաղուն ջերմութեամբ մը նայելով իրենց աչքերուն։— Մեր ամբողջ կեանքը փախուստ է ու վերադարձ...
Մեղմօրէն դուրս սահեցանք սրճարանէն։ Ու գիշերը հաճելի էր դուրսը։ Քաղաքին վրայ մեռելային քաղցրութիւն մը կար, ու հակառակ գլխաւոր պողոտաներէն եկող աղմուկին, որ թաւալուն էր, խուճապահար ու խուլ, մարմինս կը լսէր կարծես Սէնի անշարժ ու սեւ ջրերուն շշունջը։
— Իմացական տենղահար արշաւներէն իսկ ի վերջոյ կը վերաղառնայ իր եղկելի ու հրաշալի անձին։ Արեւմտեան բոլոր փիլիսոփայութիւններուն մեկնման կէտը մարղկային անձը չէ՞ միթէ։ Ուրկէ ալ որ մեկնիս, ուրկէ ալ որ վերադառնաս, վերջին հանգրուանդ այս տիեզերքն է, այս կմախքը։
Խորին ամօթովմը հայեացքս բարձրացուցի՝ խուզարկելու համար իրենց դէմքերը, ու վերստին քաղաքին մեռելային քաղցրութիւնը ամպի մը պէս շատ մեղմօրէն ինկաւ վրաս։ Տաժանելի ու գէշ յազում մը կար կոկորդիս մէջ։ Հմայաթափութիւնս խորունկ էր։ Կը տառապէի անաւարտ ցանկութեանս, գիշերային անիմաստ անձկութեանս ու աղօտ նախանձի մը պատճառաւ։ Կը տառապէի՝ նախազգալով վաղահաս ծերութիւնը, երիտասարդութեանս գլխիվայր անկումը յագեցումէն, բարերար յոզևութենէն առաջ...

Աննա երկարօրէն նայեցաւ աչքերուս, ու ինձ թուեցաւ, թէ կ՛ուզէր պատասխանել։ Վայրկեան մը լռեց՝ սպասելով յոյսի անուշ բառերու, զգալով, որ ոչ ոք կրնայ փարատել հոգւոյս անձկութիւնը։
— Ինչ է կեանքը, եթէ ոչ զրկուած մարդոց կրծած դառն հացը օրուան խոնջէնքէն յետոյ։ Երբեմն ան տաք ու համեղ կը թուի, որովհետեւ մարղկային հոգին մշտնջենի ծարաւը ունի խաղաղութեան։ Անոր իւրաքանչիւր շերտին, սակայն, կը խառնուի նուաստութեան թոյնը։
Կը քալէի քիչ մը անջատ միւսներէն, ու արտասանած բառերս ծածուկ տրտմութեամբ մը կը տատանէին վրաս։
«Կեանքը հանապազօրեայ դառն հացին պէս է,— կ՚ըսէի իւրովի,— բանուորներու՝ դժուարաւ շահուած հացին պէս...»։

* * *

Աննան էր, որ պատմեց ինձ գրատան մը ցուցափեղկին առջեւ Գերմանիոյ սեռային բարքերու մասին անհնարին մանրամասնութիւններ։ Պատրանաթափ զարմանքով մը