քանչիւր նախադասութիւնը ու որոտալի խանդավառութեամբ կը յայտնէր իր ջերմ համաձայնութիւնը։
Քիչ մը հեռուն՝ սեղանի մը կռթնած, ոտքի կեցած էր պիրկ ու ջղուտ գրագէտ Ժան Ռիչար Պլօքը։ Բարակ ու խելացի դէմքին վրայ կար իմացական լոյս մը, որ հրեայ մտաւորականները կը զատէ միւսներէն։ Իր գրեթէ ծաւի աչքերուն խորը կարծես գաղտնի հիասթափութիւն մը կար։ Գուցէ իմս էր այդ յուսալքութիւևը։ Գուցէ հոգիս էր, որ չէր ուզեր մրրկահաւի մը պէս սուզիլ տարերքին խորը։
Երբ Ժիտ վերջացուց իր ընթերցումը, բազմութիւնը աղմուկով ելաւ ոտքի՝ զսպանակուած ու երկար ատեն բանտարկուած ընդերկրեայ ուժի մը պէս, ու երկարօըէն, ջղաձգօրէն, խելայեղօըէն ծափեց զայն։ Ձայնարձակը վերստին սրահ նետեց յեղափոխական վայրի ու քինախնդիր երգ մը։ Երիտասարդ աղջիկներ ու տղաք, հարուածելով, կոփելով բառերը, խմբական արտասանութիւն մը ըրին։ Աղջիկներ կային, որոնց թարթիչները թրջած էին յուզումէն։ Յաղթանակի քաղցր ու շռայլ գինովութիւն մը կար օդին մէջ։ Ժամը երգ էր ու տենդագին մոռացում։
— Անտրէ Մալրօն եւս պիտի խօսի,— ըսաւ դրացուհիս։
Արդարեւ, Մալրօ ելաւ ոտքի, թօթուեց խարտեաշ ու աղուոր գլուխը, մռայլ հայեացք մը ձգեց բազմութեան վրայ ու ձայնով մը, որ ընդերքներէս սարսեց զիս, վճռակաան արագութեամբ մը, ուր իր անզուսպ, յանդուգն, անկապտելի երիտասարդութիւնը կ՝ւրոտւսր, արտասանեց լակոնական ու բիրտ ճառ մը։ Անտարակոյս չէր սիրեր մարդոց կանացի զգայնութիւնը, տարափոխիկ յուզումները, որ երբեմն կը վեըածուին հաւաքական խուճապի։ Իր բառերը կը հնչէին արոյրի[1] կարծրութեամբ, սրընթաց գնդակներու պէս կը սուլէին, կ՚աւլէին յետամնացներու, գաղջերու, վարանոտներու վերջին առարկութիւնները։ Արարքն է, կփսէր, վտանգի պահուն հանդարտ ու ցուրտ քաջութիւնը, ոը պիտի որոշեն իւրաքանչիւրիս արժէքը։ Դէմքի ջղաձիգ պրկում մը աւելի մետաղային կը դարձնէր իր զօրեղ առոգանութիւնը։
Դրացուհիս խորին յուզումովմը կը դիտէր զայն՝ կիսանդրին ցցած, գրեթէ հեւալով։ Կարճ թեւերով ճերմակ շապիկ մը հագած էր, ու մերկ բազուկները գիրգ էին ու շնորհալի։ Կզակին քով սպի մը կար, ու վերի շրթունքը ծածկուած էր թեթեւ աղուամազով մը։ Բերանը թեթեւօրէն ներկած ըլլալով՝ այդ աղուամազերը մտերիմ քաղցրութիւն մը կը պարգեւէին դէմքին։ Համարձակութեամբ նայեցաւ աչքերուս, ու աստիճանաբար մարմինս զգաց իր անդորր ու նուրբ գեղեցկութիւնը։ Սիրեցի իր կուրծքերը, որ թեթեւօրէն կը հեւային, ու բերանը, որ հաճելիօրէն բոսոր էր։ Կ՝ուզէի քաղցր խօսք մը ըսել իրեն, երբ հայեացքս ինկաւ սրահին խորքը՝ Վանիի վրայ, ոը ձեոքը պարզած կը բարեւէր զիս։ Վանի իր ձախ բազուկով գրկած էր աղջկան մը ուսը։
Այժմ շաբաթնեը յետոյ, սուր ցաւով մը կը յիշեմ Աննայի հետ մեր հանդիպման առաջին գիշերը։ Պզտիկ աղջկան մը պէս կծկուած էր Վանիի կուրծքին քով, ու իր խոշոր աչքերուն մէջ արցունքի կաթիլներ կը փայլէին կարծես։ Անմիջապէս ցանկացի զինքը սաստկութեամբ մը, որ հաճելի ու տաժանելի էր միաժամանակ։ Ու երբեք չկրցայ մոռնալ այդ գիշերուան իր մտերմութիւնը Վանիի հետ։
* * *
Անցեալ օր Լիւքսէնպուրկի պարտէզը նստած էինք աւազանին քով ու կը դիտէինք մանուկներուն առագաստանաւերը։ Առաւօտեան արեւը շռայլօրէն ոռոգած էր իր հեշ–
- ↑ 11 արոյր (պարսկ.) — դեղին պղինձ