Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/15

Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

Հոգիս կ՞երւկնչէր լռութեեէե ու քաղաքին մեռելայիե քաղցրութենէն։ Այն գաղափարը, թէ իմ բացակայութեանս սիրոյ թրթռուն խօսքեր կրնային փոխանակել, կը թունաւորէր արիւնս։ Ինչ որ յուզիչ կը թուէր, Վանիի հասակն էր կիսամութին մէջ, իր ուսերուն հազիւ զգալի անկումը։ Խարտեաշ ու խոշոր գլուխը խորին խաղաղութեամբ մը կը յառաջանար՝ ինքնօրէն էակի մը պէս, ու ինձ կը թուէր, թէ երազի մը մէջ եմ ու կապոյտ գիշերուան մը, որուն յատակէն հմայական ու շքեղզոյգ մը դէպի առաւօտը կ՚ելլէր՝ շնչելով այգային ջինջ հովը։ Կը դիտէի Աննայի մարմինը, որ հարուստ էր ու միաժամանակ ճկուն։ Ու քունն ու հեշտութեան ծարաւը գինովութեան նման խորունկ ու քաղցր կը թուէին։
Կրնայի սալայատակին միւս կողմը անցնիլ ու միանգամընդմիշտ հեռանալ Աննայէն, քանի որ կը նախազգայի վտանգը, քանի որ կուգայի երկրին խորունկներէն՝ հանդիպելու համար զուարթ խաղաղութեան։ Բարձունքէն կրնայի դիտել դաշտանկարը՝ արուեստի երկի մը պէս, առանց յանձնառութեան տակ դնելու անդորրութիւնս։ Գուցէ անհրաժեշտ էր մեկնիլ յուզումէ մը, որ արդէն ջերմին հեղուկի մը պէս կը վազէր երակներէս։ Ինչ որ կը պակսէր ինձ, անհաւանական կարելիութենէ մը հրաժարելու կարողութիւնն էր՝ պաշտպանելու համար ներքին հանգիստս ու մանկութիւնս։

* * *

Երբ գիշերօթիկ վարժարանի աշակերտ էի, կեանքը հեշտին ու պայծառ էր մանուկի մը քունին պէս։ Կը յիշեմ հարաւի ցոլացիկ ու աստեղաթաթախ գիշերները, երբ ընթրիքէն յետոյ տղաքը կ՚երկննային հողին վրայ ու կը դիտէին երկնից ջինջ սկաւառակը։ Սօսիներու զգայուն կատարները կը դողդոջէին հովին թեթեւ շունչէն։ Երբեմն խորունկէն, պարտէզին թաւուտներէն կ՚ելլէր ճպուռի մը սրտակեղեք աղաղակը՝ պատռելով լռութեան կապոյտ սնդուսը[1]։ Լուսնկան ճօճելէն կ՚իյնար աւազանին մէջ, ու ամրան բուրումները աղօտ ալիքներով կը զարնուէին մարմնիս։ Յայնժամ գիշերային թռչունի մը պէս, որ ամէն գիշէր նոյն պահուև կը ճչայ իր վիշտը, խուժանի պէս աղմկարար տղայ մը անոք[2] շան նման կը կաղկանձէր լուսնին։ Մարդ չէր հասկնար, թէ ինչպէս այդքան խորունկ յուզում մը կրնար ծուարիլ հարաւի բարձրախօս լակոտի մը մարմնին մէջ։ Լալն ափին վրայ կը հանգչեցնէր իր խառնակ գլուխը ու կ՚երգէր սրտամորմոք, ողոքիչ ձայնով մը։ Վայրկեաններ կային, երբ մարմինս չէր կրնար տոկալ այդքան լիութեան։ Կ՚երթայի բակի էն հեռաւոր անկիւնը, մինչեւ որ ձայնը սուզէր գիշերուան խորը։ Երկարօրէն կը դիտէի մթին կիպարիս մը, ու ի վերջոյ հոգւոյս խորը յազումը մրուրի պէս յատակը կ՚իջնէր։ Խաղաղած ու քիչ մը տրտում՝ կը նայէի աստղերուն, ու անոնք լոյսի կայլակներու պէս աչքերուս խորը կը կաթէին։ Գիտէի մարմնիս անդորրութիւնը պաշտպանել արտաքին վտանգներէ։ Այժմ, սակայն, վտանգը ներքին է ու անխուսափելի։ Զարնուած եմ վէրքով մը, որ խորունկէն կը բանի։ Լոկ հեշտութիւնն է ու անոր յաջորդող քունը, ոը կրնան յարաբերական մանկութիւն մը պարգեւել ինձ։
Դալարագեղ էր մանկութիւնս՝ հակառակ վաղահաս վշտերուս, իսկ պատանութիւնս անձկայրեաց։ Երիտասարդութեան առաջին տագնապը անգամ քաղցրութեան յետին համ մը ունէր։ Կիրակի առաւօտները գարնան արշալուսային հովը կը պագնէր մեր երեսները։ Նախաճաշէն յետոյ կ՚իյնայինք անտառ ու երէևերու պէս, որ թշնամի գնդակի վախը չունին, կը սուրայինք կիսալոյս արահետներէն։ Եղեւիններու տակ ծածուկ գորովով մը կ՚որոնէինք վայրի մեխակներու վտիտ ցօղունները։ Քաղցր էր մա-

349
  1. 12 սնդուս (պարսկ.) — մետաքսեայ նուրբ կերպաս, դիպակ
  2. 13 անոք — ոչ ոք չունեցող, անօգնական