Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/18

Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
լի բաբդ է ու դժուարլուծելի։ Ինչ որ մեզմէ ոչ ոք նախատեսած էր, յետաշրջութեան բարբաբոս վերադարձն էր՝ մարտունակ ու երիտասարդ յետաշրջութիւն մը, որ մեր զէնքերն ու պայքարի եղանակները դարձուց մեզի դէմ։
Աննա անհանգստութեամբ կը թօթուէր գլուխը։ Կուծքերը թեթեւօրէն կը դողայիե։ Ողջ անձին վրայ կը յայտնուէր անզսպելի երիտասարդութիւն մը։ Կ՚ուզէր հաւանաբար աւելի շեշտել Վանիի ըսածները, բայց կրկին զսպեց ինքնզինքը։ Աչքերուն խորը կիրքը կը շողար։
— Քաղաքական կեանքի մէջ ոչինչ դիւրին է ու ոչինչ հաճելի,– ըսի շատ մեղմօրէն, զգալով, որ հանդարտութիւնս կը գրգռէ Աննան։— Ինչ որ մեր բարբարիկ[1] լեզուով զանգուածներու արմատականացում կը կոչենք, ոչ միայն յատուկ է տագնապի տարիներուն, այլեւ՝ խաղաղութեան։ Մարդկային կենցաղը մօտէն դիտելով՝ ամէն օր հանդիսատես կ՚ըլլանք մնայուն գործողութեան մը՝ ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական դէպքերու ճնշումին տակ մտայնութեան ու բարքերու աստիճանական յեղաշրջման։ Միւս կողմէ՝ մարդկային բնութեան էական գծերէն մէկն է կեանքի հետեւեալ երեք հոսանքներու միաժամանակ գոյութիւնը։ Նոյն դրօշին տակ յաւիտենաբար պիտի հանդիպինք երեք թեւերու՝ անոնք, որ կ՚աճապարեն, անոնք, որ կարգով կը յառաջանան, ու անոնք, որ կը յապաղին, վասնզի աւելի զօրեղ կապերով զօդուած են անցեալին։ Ծայրայեղներ, միջիններ ու գաղջեր։ Քաղաքական որեւէ կուսակցութեան մէջ կարելի չէ բառնալ[2] այս երեք վիճակները, որ կը համապատասխանեն, ընդհանուր ձեւով, մարդուն բնախօսութեան։ Ձեր կուսակցութիւնը չունի՞ միթէ իր ձախ թեւը, կեդրոնը, որ իշխանութեան տէրն է այսօր, ու աջակողմը։ Մեկնելով հոսկէ՝ հարցում մը կ՚ուղղեմ ձեզի՝ ինչէւ ծառայեց ձեր յարուցած յեղափոխական ուժերու բաժանումը, բաժանմամբ տկարացումը։ Վերակազմուած ու միացեալ Միջազգայինի մը մէջ կասկածէ դուրս է, որ քաղաքական վերիվայրումներու բուրումով իսկ յեղափոխական տարրերը մեծամասնութիւն պիտի կազմեն։
— Ինչ որ հարկ է ապացուցանել,— ընղդիմախօսեց Վանի։
Դանդաղօրէն շարունակեցինք քալել Մօնփարնասի ուղղութեամբ։ Աննա կը յառաջանար մեր երկուքին միջեւ սեղմուած։ Խօսակցութեան տենդին մէջ յեղակարծ շարժումով մը թեւը տուաւ Վանիի, երկվայրկեան մը նայեցաւ աչքերուս ու աջ բազուկն ալ ինձ առաջարկեց։ Մեքենական ճշղութեամբ կը դոփէինք սալայատակը։ Ու Աննա իր դէմքին քաղցր լոյսը պարբերաբար կը ձգէր մեր երեսներուն։ Երբ վրաս կը ծռէր, կը զգայի կուրծքին հեւքը։
— Յամենայն դէպս ինձ համար հետեւեալը պարզ է,— յարեցի.— Երրորդ Միջազգայինի պայմանները, որ բանուորութիւնը ճեղքեցին երկուքի, գուցէ արդարանալի էին այն ժամանակ։ Լենին կը յուսար շնորհիւ ռուսական յեղափոխութեան ճառագայթումին ու առինքնող ուժին ողջ բանուորութիւնը հաւաքել իր դրօշին շուրջ։ Տարիներու փորձը սակայն ցոյց տուաւ, թէ ղեկավարներու մարմնին վրայէն կարելի չէ շարքերուն ձեռք երկարել։ Առնուազն եօթը տարիներէ ի վեր որեւէ բանաւոր[3] հիմք չունի յեղափոխական տարրերու բաժանմամբ տկարացումը։ Փաստօրէն երկու կուսակցութեանց քաղաքականութիւնն ալ արատաւոր եղած է ու հակամարքսեան։
— 0,— բացականչեց Աննա՝ ձգելով թեւս,— մի՞թէ...
352

  1. 14 բարբարիկ — բարբարոսական
  2. 15 բառնալ — վերացնել
  3. 16 բանաւոր — իմաստային