Այս էջը սրբագրված չէ

Վազզէն Շուշանեան
կը դիտէի իր պայծառ դէմքը, ու արուի հպարտութիւնս կը մռնչէր։ Ո՞ւր կարդացեր էր արդեօք։ Մտքի արթնութիւնը չունեցայ հարցնելու։ Իր լեզուական ազատութիւնը անտարակոյս կը վիրաւորէր զիս։ Սհռային արարքը այդ վայրկեանին կը թուէը պաըզ ու դիւըիև։ Ու այդ դիւրութեան գաղափարը եւս կը վիրաւորէր զիս։
Հրեայ աքսորական մտաւորականի մը կինը երկաը նամակ մը գրած էր իր ամուսնին, ու Աննա ակներեւ հեշտութեամբ մը կը կրկնէր գլխաւոր հատուածները։ Գիշերուան որեւէ ժամուն հիթլերական հարուածային զինուորներ կուգային, կ՚սւրթնցնէին ու կը տանէին հարցաքննութեան պատրուակով այդ երիտասարդ կինը։ Պահականոցին մէջ կը մերկացնէին զինքը ու կը ստիպէին, որ երկննայ սեղանին վրայ։ Հաւաքուած շուրջը՝ կը շօշափէին երիտասարդ կնոջ զիստերն ու կուրծքերը, կը հպէին հիւանդ խենէշութեամբ մը մաըմնին զանազան մասերուն։ Յետոյ ոտքի կը կեցնէին զայն՝ բազուկները բարձրացուցած, մերկ, պատրաստ բռնի սիրոյ։
— Ինչու բազուկները բարձրացուցած,— հարցուցի շատ մեղմօրէն։
Ուսի թեթեւ ցնցում մը բաւեց տեղափոխելու համար մաըմնին գծերը։ Ու միշտ քսւղաքին մեռելսւյին լռութիւնը, մեոելային քաղցրութիւնը պաըուըեց զիս։ երբ հոգիս ծարաւ էր գարնաևային զուարթ երգի մը, լոկ հեշտութեան տաք հովն էը, որ կը լուար դէմքս։ Անմիտ անտարբեըութեամբ մը, որով կը ջանայի ծածկել մաըմնիս անօգուտ խռովքը, գլանիկ մը վառեցի՝ փորձելով մեկնումի նշանը տալ։ Ճիշդ այդ պահուն Աննա մօտեցաւ ինձ ծանր ու հեշտաւէտ շարժումով մը, որ յատուկ է յաճախ սիրոյ պատրաստուող կիներուն։ Երեկոյեան շէկ լոյսին մէջ շապիկը գրեթէ թափանցիկ էր։ Բարակ պաստառին տակէն յստակօրէև կ՚երեւար վարդագոյն կրծկալը։ Հիւանդ, նուաղուն հայեացք մը ձգեց վրաս՝ գուցէ կասկածելով, թէ յետին միտք մը կար հարցումիս տակ, ու իր ջերմին պայծառ ձայնովը ըսաւ.
— Որովհետեւ երբ երիտասարդ կին մը բազուկներոը կը բարձրացնէ, մաըմնին բոլոր գծերը կը պրկուին, արձանային անշարժութիւն մը ու յաճախ պիրկ գեղեցկութիւն մը կը ստանան։ Մասնաւորաբար կնոջ մարմինը տարիներուն հետ իյնալու, թափելու տրամադըութիւններ ցոյց կուտայ...
Ձեռքերս գրպաններուս մէջ՝ կը դիտէի Սելմա Լակերլօֆի գրքերէն մէկուն թարգմանութիւնը։ Օգոստոսի իրիկունը գինիի, տաք հացի պէս համով էր։ Գուցէ մարմինս կը ցանկար, որ Աննա շարունակէր խօսիլ, վասնզի անոր ձայնը խորունկ քաղցրութիւն մը ունէր։ Կը զգայի մաըմնին բուրումը ու կը մտածէի, թէ կեանքը խիստ կարճ է՝ քանի մը փորձաոութեանց բովէն անցնելու համար։ Կ՚ուզէի վերստին կիներուն երթալ կեանքի բոլոր ճամբաներէն, գրքերուն վերջին էջերուն վրայ թրթռուն երիտասարդութեամբ մը վերագտնել զանոնք, սահող ստուերի մը ի տես՝ սըտի նոյն կծկումը, նոյն անուշ անձկութիւնը զգալ, գարնան հետ նորոգուիլ վերստին ու ծաղիկներու բաժակներուն մէջ աստղերու կայլակներ տեսնել։
Մարմինս կոտրած անօթի մը պէս էր սակայն։ Անձկութիւնն ու տենդը ներքին կրակներու պէս կը լափէին զայն։
Լռութեսւմբ ծառուղին իջանք՝ զննելով ու լրտեսելով իրար։ Ցուցափեղկերուն առջեւ յաճախ Աննա կը կենար, յուլօրէն[1] կը դիտէր կանացի իրեր ու արդուզարդեր։ Ստիպուած ես կանգ կ՚առնէի ու երկարօրէն կը լրտեսէի իր յետին շարժումները։
Երբ գլուխը կ՚երկարէր թեթեւ մը ծոելով աոաջ, վզին վրայ իրիկնային լոյսը այնքան համեղ կը թուէը, որ ուրիշ մը գուցէ փորձէր լեզուով հաւաքել զայն։ Իր մասին գիտցածներս կը բաւէին զայն ցանկալու եւ իրմէն անօթութիւնս իրեն յայտնելու համար։ Իր վե

  1. յուլօրէն — դանդաղ, անշտապ