Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/22

Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
ներէն, իր յուզական սւշխարհը ազատել ուրիշ ազդեցութիւններէ, գրաւել իր ներքին տարածութիւնը։ Ու քանի կը յառաջանաս այս ապօրէն ճիգիդ մէջ, այնքան կը համոզուիս, որ էն առանձին էակն իսկ ընկերային միաւոր մըն է, ու կրնաս ամբողջ կեանքդ սպառել՝ ջանալով խզել այն բոլոր նուրբ ու ծածուկ կապերը, որ զայն յարաբերութեան մէջ կը դնեն մարդոց հետ։ Կանանոցին փոխան՝ արդի մարդը հաստատած է բարոյական բանտը, սիրելի էակի մը շուրջ ամայութեան գօտին։ Երբեմն երբ կործանարար կրքեր երկրէն կը խլեն երիտասարդ զոյգ մը, այս բարոյական մեկուսացումը ունի իր քաղցրութիւնը։ Յետոյ, սակայն, կեանքը կը շարունակէ մակընթացութեան մէջ եղող ջրի տարածութեանց պէս բարձրանալ մեր շուրջը, ու կը սկսի լուռ կռիւներուն էն տաժանելին ու էն վատթարը։
Ամենուրեք նոյն ողբերգութիւնն է, կ՚ըսէի, բացարձակ բաներու նոյն բուռն ծարաւը։ Ո՞ր մթին ու ներքին ակօսէն յանկարծ կը բարձրանայ հեռաւոր զգացման մը ծիլը, ու սիրած էակդ մեղմօրէն կը հեռանայ քեզմէ։ Ջլատիչը հանապազօրեայ անձկութիւնն է, հիւանդ երկիւղը, անկէ յետին բեկոը մը կորսնցնելու գարշելի վախը։ Ձայնին մէջ կրնայ յեղակարծ ու անպատասխանատու քաղցրութիւն մը ըլլալ, երբ կը խօսի ուրիշի մը, ու այդ յետին մանրամասնութիւնը կը բաւէ զայն ատելու համար։
Տարիներ առաջ բարեկամուհի մը ունէի, որուն կուրծքերը միայն գեղեցիկ էին։ Խելացի ու տաքարիւն աղջիկ մըն էր ու խելայեղօրէն կը սիրէր հաճոյքը։ Ամէն անգամ որ սրճարան կ՚երթայինք, կը կախուէր սեղանին վրայ ու կարծես դիտմամբ իր շքեղ կուրծքերը ցոյց կուտար դիմացը նստողին, որ յաճախ ես չէի ըլլար։ Ամիսներ նուրբ ցաւով մը նեղուած եմ այդ պատճառաւ ու հպարտութեամբ դիտողութիւն չըրած։ Այժմ կը մտածեմ, որ եթէ կինս ըլլար, կրնայի ամբողջ կեանքիս ընթացքին լռել ու ոխ կապել դէմը իր անտեղի շարժուձեւը չզգալուն համար։ Մեկնելէն տարիներ յետոյ իսկ այդ չնչին ցաւը դեռ չէ անհետացած։ Պարբերաբար կը յիշեմ զինքը ու կը յիշեմ իր հարուստ կուրծքերը, որոնց սկզբնաւորութիւնը ամէն ոք կրնար տեսնել։
Կիրակին սկսած էր արդէն ծառուղիին վրայ Լիկէոնի պատանիներուն պատճառաւ, որ հետզհետէ կը խճողէին ծառուղին։ Մէկը քովս ի վեր ինքնիրենը կը հաշուէր գրպանի դրամս ու կ՚որոշէր հաւանական ծախքերս։ Անտարակոյս զուարթ չէի այլեւս, քանի որ ներքին յամառ ձայնը սկսած էր վերստին խօսիլ։ Կը քալէի տնտնալով ու խնայելով ժամը։ Եղկելի ու ծիծաղելի է, կ՚ըսէի, Աննան ինձ ներկայացնելէն ի վեր Վանիի եւ իմ միջել գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնը։ Առաջ հաճելի ազատութիւն մը, ջերմին ընտանութիւն մը կար մեր միջեւ, մինչդեռ այժմ երկուքս ալ կը զգանք, որ կորուսեալ հարստութիւն մը կայ, գանձ մը, ոը հարկ է վերստին շահիլ։ Անշուշտ մարղկային էակի մը համակրութիւնն ու գորովը շահելու ճիգը չէ, որ նուաստացուցիչ է, այլ ուրիշի մը հետ աղջիկ մը վիճիլը։ Դառն է անընդհատ լրտեսել ընկերոջ մը շարժումները՝ ջանալով որոնել ըրած նուաճումները։ Պզտիկ քէներ կան, որ կը հինցնեն էն թանկագին բարեկամութիւնը։
Գուցէ երբեք ապրիլ պիտի չկրնամ սորվիլ, կ՚ըսէի՝ օրօրելով գլուխս, խոհեմութեամբ նախատեսել արարքներուս հաւանական արդարացումները ու ըստ այնմ կարգաւորել առօրեան։ Ապրիլը նուրբ արուեստ մըն է, կ՚ըսէի, մինչդեռ ես կը շարունակեմ նախնական մարդու մը պէս մագիլներովս խլել օրուան հաճոյքները։ Ու երբ ուզածս չստանամ, կ՚երկննամ յուսալքումիս եղտիւրներուն[1] մէջ՝ ողբալով կորուսեալ խաղաղութիւնս։
356

  1. 18 եղտիւր — ջրարբի, ջրառատ տեղ, մարգագետին