Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/24

Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
կերոջ մը բազմոցին վրայ գլանիկ մը կը ծխէը։ Եթէ սենեակը իմս ըլլաը, ու եթէ Վանիի տեղը ես ըլլայի, լոկ հաճոյք պիտի զգայի այդ քաղցը ներկայութենէն։ Իրար սիրելու պատրաստ զոյգի մը միջեն ներկայութիւնս ոչ միայն անպատեհ, այլեւ նուաստացուցիչ էր։ Մէկէն բացարձակապէս անախորժ թուեցաւ դիրքս, ու հեռանալու բուռն փափաք մը զգացի։
Զօրեղ յուզում մը կը սեղմէր կոկորդս։ Կ՞ուզէի անտարբերութեամբ ու յեղակարծօրէն հեռանալ, բայց հայեացքս չէի կրնար խլել Աննայի մարմնէն։ Կը տեսնէի ծունկերը ու ջղուտ սրունքները, որ օդին մէջ կը տատանէին։ Կը մտածէի, թէ գուցէ Վանի իրաւունք ունէր մօտենալու Աննային ու ափերուն մէջ գրկելու անոր սիրուն գլուխը։ Բազմոցին պատճառաւ հաւանաբար ծունկի գար ու մեղմաձայն սիրոյ խօսքեր ըսէր։ Իր հաստ շրթունքներով գուցէ հպէր անոր ճերմակ վզին, համբուրէր անոր աղուոր աչքերը։
Նեղուած ակնարկէս՝ Աննա ելաւ ոտքի ու գլանիկը մարեց։ Սենեակին լռութիւնը տաժանելի էր։ Ես էի, որ ներկայութեանս հետ ներս բերած էի տագնապի ու անձկութեան այդ անշնչելի մթնոլորտը։
— Ինչու չես նստիր,— ըսաւ Աննա՝ մօտենալով ինձ։
Անտարակոյս ոչ մէկ իրաւունք ունէի իր վրայ, այսուհանդերձ իր մտերմութիւնը Վանիի հետ տաժանելի կը թուէր ինձ։ Ամէն անգամ որ միասին ըլլայինք, Վանի ոչ մէկ ջերմութիւն ցոյց կուտար դէպի Աննան, ու այս վերջինը ոչ մէկ տարբերութիւն կը դնէր մեր միջեւ։ Այն գաղափարը, թէ բացակայութեանս տարբեր վերաբերում մը ցոյց կուտային իրարու հանդէպ, արիւնս կը թունաւորէր նուրբ նախանձով մը։ Անարդար զայրոյթ մը կար հոգւոյս խորը մէկուն եւ միւսին հանդէպ, ու դժգոհութեան դառն բառեր կը վառէին շրթունքներռւս վրայ։ Ծիծաղելի ըլլալու երկիւղը թոյլ չէր տար սակայն, որ բանաձեւեմ զանոնք։
— Քիչ մը կանուխ եկայ,— ըսի՝ խօսքս ուղղելով Վանիի,— լուր տալու համար, թէ թատրոն չպիտի կրնամ գալ։ Ժամադրութիւն մը ունիմ,— աւելցուցի ստելով ու պատրաստուելով մեկնիլ,— ցտեսութիւն...
Վանի պատուհանին քովէն, ուր կեցած էր գիրք մը ձեռքը, մօտեցաւ ինձ ու առանց հայեացքը բարձրացնելու՝ յարեց.
— Լաւ, եթէ մեզի հետ գալ չես ուզեր, մի՜ գար, բայց աւելորդ տեղը մի՛ ստեր...
Աննա կռթնած էր հեշտադարանին՝ անշարժ ու լուռ։ Կը թուէր, թէ կ՚ուզէր միջամտել։ Դէմքին վրայ անորոշ տրտմութիւն մը կար։ Աջ ձեռքով մեղմօրէն մազերը սկսաւ սանտրել։ Իր մատները աւելի ճերմակ կը թուէին վարսերուն խորը։
— Ես ալ երթալ չեմ ուզեր արդէն,— աւելցուց Վանի,— յոգնած եմ ու քնանալու պէտք ունիմ։
Աննայի դէմքը մէկէն շառագունեցաւ։ Զայրոյթով խածաւ վարի շրթունքը, այսուհանդերձ չկրցաւ զսպել ինքզինքը։
— Քանի որ այդպէս է, ես մինակ թատրոն կ՝երթամ,— ըսաւ,— երկուքդ ալ շատ հաճոյակատար էք շիտակը...
Անձայն ելայ դուրս, աճապարանքով իջայ սանդուխներէն, վազելով գացի մօտակայ նամակատունը ու Լիւսիին հեռագիր-նամակ մը գրեցի՝ խնդրելով, որ քաղաք իջնէ։ Անձկութիւնս, սակայն, հեռու էր փարատելէ։ Վիրաւորուած անասունի մը պէս տատանելէն կը յառաջանայի, ու պոռալու խօլ փափաք մը կը ցնցէր մարմինս։ Պարզ էր, որ լոկ ես էի յանցաւորը, քանի որ սէրը չեն հայցեր, այլ կը ներշնչեն։
Կը յիշեմ առաջին յուսախաբութիւնս, առաջին վիշտս։ Ատիկա անյիշատակ տարիներ առաջ էր, ու ես բոլորովին վիպական պատանի մըն էի։ Բարտիի մը պէս, որ գարնան առաջին ամսուան հովին էն մեղմ շունչէն կը հեւայ, մարմինս անձկայրեաց էր ու
358