Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/28

Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
Օրուան անմիտ աշխատանքը պիտի կատարէի առանց դոյզն սիրոյ։ Գրքերն իսկ պիտի կորսնցնէին իրենց մոգութիւնն ու զօրութիւնը։
Ծառուղիին անկիւնը նստարանի մը վրայ ինկայ, ու գէշ հեգնութիւն մը ծլեցաւ շրթանցս վրայ։ Տարիներ խոշոր գլուխ մը ծռելէ յետոյ գրքերու վրայ ինչի յանգած էի՝ ինքզինքէս տարականոն յոգնութեան մը, գրեթէ անողոքելի թշնամութեան մը ներքին անձիս հանդէպ, որ չէր կրնար հաշտուիլ աոօրեայ կեանքին հետ։ Անտարակոյս, կեանքը գիտութիւն մըն է, կփսէի, ու լոկ սէրը, խանդավառութիւնն ու անձնուիրութիւնը չեն բաւեր տիրանալու համար հանդարտ զօրութեան մը։ Ինչ որ պակսած է միշտ ինձ, շարժումներու ճկունութիւնն է, վերաբերումի նրբութիւնը, դէպքեբուն ու մաբդոց յարաբերական, այլ ճշգրիտ կարեւորութիւն մը ընծայելու կարողութիւնը։
Յանկարծ թեթեւ հով մը ելաւ՝ հաճելի աղմուկ մը յարուցանելով ծաոերուն մէջ։ Վարէն, խորունկէն եկեղեցիի մը զանգակները սկսան հնչել։ Անցորդնեըը սկսան շատնալ ծառուղիին վրայ։ Ծուլութեամբ ելայ ու գացի պարտէզ՝ դիտելով մանուկները ճամբուս վրայ ու մտովի սիրելով զանոնք։ Աւազանին քով՝ աթոռի մը վրայ նստայ ու փակեցի աչքերս։ Լոյսը մեղմ ու հաճելի էր կոպերուս վրայ։ Կը զգայի զով առաւօտեան մը հեշտաւէտ հպումը դէմքիս։ Ձեռքերս, որ դրած էի ծունկերուս վրայ, կը զգային երկրին այգային խաղաղութիւնը։ Յետոյ աստիճանաբար հոգւոյս խորունկներէն ելաւ բանաստեղծութեան մը քաղցր տրտունջը։ Կը թուէր, թէ կրնամ հաշտուիլ օրուան հետ, որ մեղմօրէն կը պայծառանար։

* * *

Քիչ մը գունատ էր դէմքը, ու ձեռքերը շատ ճերմակ էին։ Ափս զգաց անոր մատներուն զով հպումը։ Այդ վայրկեանին իր ձեռքը կը յայտնէր հանդարտ երջանկութիւն մը։
— Յեղափոխական արուեստագէտները,— ըսաւ Աննա՝ հաւաքելով մտքերը, ջանալով ճշդութեամբ բանաձեւել զանոնք,– ինձ կը թուի, թէ հիմնական դժուարութեանց քովէն սահելով կկսնցնին։ Անշուշտ որքան ատեն որ դրամատիրական իրաւակարգը կանգուն է, արուեստը իր ներշնչումը կրնայ որոնել անտեղիտալի ընդդիմութեան մը մէջ։ Բայց այս հաստատումէն իսկ չէր հետեւիր միթէ վտանգաւոր առնչութիւն մը։ Այնտեղ, ուր յեղափոխութիւնը յաղթական է, ինչ դեր կրնայ վիճակուիլ արուեստին։ Հանդարտ կամ անհանգիստ օրինապահութիւնը կանխորոշուած սահմանի մը մէջ, արդար ճշմարտութեան մը, անվիճելի դատի մը ծառայութեան գործը ի վերջոյ կը խեղղեն մարդկային հոգւոյն անհանգստութիւնը։ Արուեստին ենթահողը սրբազան դժգոհութիւնը չի միթէ։ Ու ով է, որ կը կանխէ, կը հեռազգայ, կը պատրաստէ ապագան, եթէ ոչ արուեստագէտը։ Մեծ արուեստագէտները գրեթէ միշտ մեծ ապստամբներ են։ Պիտի կրնան միթէ առանց իրենց ստեղծագործական կրակը զեղչելու համընթաց կարգապահութեամբ մը յառաջանալ բանուորութեան եւ գիւղացիութեան հետ...
Նայեցաւ աչքերուս՝ որոնելով հոգւոյն խռովքին պատասխանը։ Իսկ ես ինչ որ կը զգայի, իր հայեացքին հաճելի պայծառութիւնն էր։ Թերթերունքները կարծես կը դողային, ու դէմքին կէսը, որ ստուերի մէջ էր, կիտուածային գունատութիւն մը ունէր։ Կը սիրէի այդ ճերմակ ձեռքը, որ կը դեգերէր սեղանին վրայ, ու լոյսը, ոը կը խաղար իր շուրջը, ինչպէս տպաւորապաշտ նկարիչներու պաստառներուն վրայ։
— Օրինակ, Մաքսիմ Կորքին,— ըսաւ՝ կարծես ամչնալով յետոյ ըսելիքներուն համար,— յեղափոխութեան յաղթանակէն ի վեր կարծես այլեւս նոյնը չէ։ Ո՞ւր է իր խուլ ապստամբութիւնը, իր գրեթէ անիշխանական ու հեղեղային սէրը, որ կը պլլուէր մարղոց ցնցոտիներուն ու կմախքներուն, ուր է մարդոց բութ դաժանութեան դէմ ցցուող իր խօլ յանդգնութիւնը։ Արդի Կորքին զմայլելի մտքի զինուոր մըն է, մինչդեռ ես միշտ ան–
362