Վազգէն Շուշանեան
ստուեր մը կը սահէր՝ պատերը քերելով, ուրուային լռութեսւմբ մը։ Յուսահատ կը վերադառնայի թիապարտութեաես ու կը սպասէի ննջելու ժամուն։
Երկնցած կռնակի վրայ՝ երբեմն ամբողջ ժամ մը հիւանդագին յամառութեանդ մը կը նախատեսէի աշունը ու նախօրօք կը դիտէի յետին շարժումներս գաւառական մթին քաղաքին մէջ։ Յետոյ լռութեամբ կը բարձրանայի՝ զարմանալով, թէ ինչու շրթանցս վրայ որեւէ երգ չի ծլիր։ Օրուան էն հաճելի ժամը գուցէ կայարանի սալայատակին վրայ անցուցածս էր։ Կ՚երթայի կանուխ՝ առաւօտեան թերթ մը ձեռքս տնտնալու համար։ Հապճեպով կը կարդայի օրուան լուրերը՝ միաժամանակ դիտելով ճամբորդները։ Ծեր հասառուներ[1] կային՝ բծախնդիր մաքրութեամբ մը հագուած, որ տունի կատուներու պէս անձայն ու խնամեալ ճշդութեամբ մը կայարանին սանդուխներէն կ՚ելլէին վեր, արեւին մէջ կը կենային ու կը բանային յետադիմական թերթ մը։ Ծածուկ հաճոյքով մը կը դիտէի զանոնք՝ երեւակայելով անոնց տան ներքինը։ 0՜, այդ ծերուկները, որ ձմրան ցուրտ գիշերներուն բրդէ մուճակներով մեղմօրէն ման կուգան հաճելիօրէն տաք սենեակի մը գորգերուն վրայ։ Ընկղմած բազկաթոռի մը խորը՝ կը մրափեն կամ յօրանջելով կը խօսակցին տուն վերադարձող երիտասարդուհիին հետ։ Կը մտածէի խորին ուշադրութեամբ մը անոնց բուսական կեանքին վրայ, ու ծերութիւնը յուսահատական ու եղկելի կը թուէր։
Կը դիտէի նաեւ երիտասարդ կիները, աղջիկները։ Քիչ մը նեղ ու պրկուած հագուստներու մէջ, յաճախ շնորհալի ու յանկուցիչ մարմիններով՝ մանր քայլերով կը չափէին քարափը։ Նոր սնդուսուած անոնց դէմքերը օրուան այդ ժամուն այսուհանդեըձ կը յայտնէին մեղմ յոգնութիւն մը։ Ինչ որ կը նեղէր զիս, անոնց բերաններուն կարմիրն էր։ Ակամայ կը մտածէի կասկածելի պարասրահներու արուեստական բոսոր ծաղիկներուն ու նուաղկոտ թանկօներու։
Փարիզ՝ կայարանին դիմաց, սրճարան մը կար, ուր կ՚երթայի սուրճ մը առնելու։ Սպասեակը հաճութեամբ կը բարեւէր զիս ու օրուան թերթերը կը բերէր։ Հանգստօրէն
կը տեղաւորուէի, գլանիկ մը կը վառէի ու երկար խուզարկու հայեացք մը կը ձգէի շուրջս՝ վայելելով ընդարձակ ու խաղաղաւէտ սրահին անդորրութիւնը։ Որքան յաճախ
մնացած եմ հոդ՝ մոռնալով ժամադրութիւն մը, հաճոյք մը, հաւանական հանդիպում մը։ Կէսօրուան դէմ կեղծաւոր լրջութեամբ մը ու իրարու ետեւէ կը հասնէին քաղքենի
ապօրինի զոյգերը։ Ընդհանրապէս տղամարդը յարգելի ու հարուստ արտաքինով մէկը կ՚ըլլար՝ յաճախ մատանեզարդ ձեռքերով ու շարժումներով, որ կը յայտնէին հրամայելու վարժուած գործի մարդը։ Իրենց ընկերացող կիները, նրբօրէն հագուած, երջանիկ կը թուէին։ Ասոնցմէ մէկը՝ սլացիկ ու առինքնող մարմնով աղջիկ մը, հարաւային գեղեցկութիւն մը ունէր ու աջ ռունգին քով խոշոր ու սիրուն խալ մը։ Կուգար ճիշդ տասնըմէկուկէսին իր բարեկամին առաջ ու կը սկսէր թղթատել նորոյթի պարբերական մը։ Զմայլելի ու ցորենագոյն պարանոց մը ունէր ու շրթունքներ, որ ճեղքուած դեղձի կը նմանէին։ Խորին հաճոյքով մը կը դիտէի իր տաք ու անթերի գեղեցկութիւնը։ Կը զգար հայեացքս ու չէր նեղանար։
Յետմիջօրէի տապը չսկսած՝ կ՚ելլէի դուրս ու քալելով կ՚երթայի լատինական թաղ։ Ինչ տրտում ու հաճելի ժամեր էին։ Ու քանի մեկնումի օրը կը մօտենար, այնքան այդ
ազատութիւնը անփոխարինելի ու քաղցր կը թուէը։ Շուտով պիտի հասնէին մթին օրերը, ու հարկ պիտի ըլլար շաբաթներով տքնիլ՝ քանի մը օրուան արձակուրդ շահելու
համար։ Կ՚ուզէի ամէն վայրկեան ուժգնութեամբ զգալ անկախօրէն դեգերելու հրճուանքը, բայց հոգւոյս խորէն աստիճանաբար կ՚ելլէր անձկութեան, կարօտի ու սիրոյ մէգը
364
- ↑ 20 հասառու — դրամագլխով կամ կալուածներէ եկամուտներով ապրող