Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/31

Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

ու կը ծածկէր ողջ անձս։ Հոգիս օրօրելու, պատրելու[1] միջոցներ կ՝որոնէի ու կը զգայի, որ Փարիզէե պիտի հեռանամ՝ հետս տանելով անշիջելի կրակ մը։ Մենութեան ու լռութեան մէջ հոգիս վիրաւոր տատրակի մը պէս պիտի ձայնէ ու գիշերները արթուն պիտի պահէ զիս։ Ձեռքերս քունքերուս՝ պիտի համրեմ եկեղեցիի հսկայ ժամացոյցին հարուածները, պիտի հաշուեմ օրերն ու ժամերը, որ զիս պիտի բաժնեն յառաջիկայ արձակուրդէն։ Յետոյ առաւօտը պիտի ծագի, անձրեւաբեր հովեր պիտի ելլեն, ու վերստին երկիրը պիտի թրջի։ Ողջ մարմինս պիտի հայցէ իր կորուսեալ գարունը, ոը մէկ անգամ կը բողբոջի, որ մէկ անգամ խոխոջելէն կը հոսի։

* * *

Օրը չէր միայն, որ հաճելի էր, ոչ ալ այս հին ու ծանօթ փողոցին մտերմութիւնը։ Երկնքի պատառը, որ կ՝երեւար, ծափ էր ու մաքուր։ Դէպի Լիւքսէնպուրկի պարտէզին կողմը թեթեւ ոսկեգոյն մը կը դողար տուներուն վրայ։ Դիմացէն իր վեհափառ զանգուածովը երկինք կը ցցուէր պանթէոնի մթին շէնքը։ Ձեռքերս գրպաններս՝ կը քալէի ու աւելի ոչինչ կ՝ուզէի կեանքէն այդ օրուան համար։ Մարմինս թեթեւ էր ու դիւրաշարժ։
Վերջին անգամ գալէս ի վեր Սէնթ Ժնէվիէվի գրադարանը կերպարանափոխուած էր։ Լուսառատ ու ընդարձակ սրահին մէջ առաւօտը զուարթ էր ու մեղմահոս։ Բարձրադիր ու լայն լուսամուտներէն աշնանային արեւը կը լենար ներս՝ ոռոգելով սեղանները։ Մարմինս զգաց այդ արեւը խորին հաճոյքով մը, ու լռութիւնը յամրօրէն պարուրեց զիս։ Նուրբ ու գրեթէ հաճելի նախանձ մը զգացի՝ դիտելով աղջիկներու եւ տղոց սիրուն գլուխները երկար սեղաններուն առջեւ։ Կեանքը չէ՞ր կրնար միթէ քիչ մը շռայլ ըլլալ հետս ու ձգել, որ քանի մը տարի խաղաղութեամբ ապրիմ այս թաղին մէջ՝ ժրաջան յամառութեամբ մը հաւաքելով մտքիս սնունդը։ Կեանքը չէ՞ր կրնար միթէ վերջապէս քիչ մը ժպտիլ երեսիս ու վերստին զուարթ երիտասարդութիւն մը պարգեւել՝ առանց առտնին ու տաժանելի հոգերու։ Այս տղոց պէս յանդուգն վստահութեամբ մը կուգայի հայրենական քաղաքէս՝ տիրելու համար երկրին, բուռն խանդավառութեամբ մը կապտելու[2] համար մարդոց ուշադրութիւնը։
Մեքենական արագութեամբ մը դիմեցի գրապահներէն մէկուն՝ ուրախանալով, որ մարմինս չէ կորսնցուցած իր գրադարանային փորձառութիւնը։ Մարմինս մինակը կը քալէր սովորութեան հաճելի վերադարձով մը, մինչ հոգիս այլուր էր։ Գրապահը լռութեամբ ուզած գիրքս երկարեց ինձ, հոգիս, սակայն, նոյն յամառ կարօտով կը դեգերէր Աննային շուրջ։ 0՜, այդ խորունկը գաղտնօրէն ու ամօթահար կերպով ծալլապատիկ նստած մարդը, որ օրն ի բուն նոյն մտածումը կ՚որոճար։ Վանին գործը կը ձգէր իրիկուան վեցին ու հետեւաբար չէր կրնար Աննայի հետ ըլլալ։ Աննա առանձին էր անտարակոյս ու եթէ նոյնիսկ ուրիշի մը հետ էր, այդ ուրիշը Վանին չէր։
Այդ ուրիշը Վանին չէր...

* * *

Այդ ուրիշը Վանին չէր...
Ազատ աթոռի մը վրայ նստայ՝ առաւօտեան համբոյրը աչքերուս, ու բացի գիրքս։ Կ՝ուզէի երեկոյեան Իպսէնի «Փէր–Կիւնթ»ը տեսնելէ առաջ թատերախաղը անգամ մը եւս կարդալ, բայց Կրիկի զգայուն ու նուրբ նուագը մեղմ ալիքներով կը բարձրանար մարմնէս։ Սօլվէկի թախծալի երգը քաղցր հծծիւններով կը ծլէր շրթանցս վրայ։ Կը յիշէի


365
  1. 21 պատրել — խաբել, մոլորեցնել
  2. 22 կապտել — այստեղ սեւեռել