Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/34

Այս էջը սրբագրված չէ

Վւսզգէն Շուշանեան
րէն կորուսեալ քաղցրութիւն մը կաը մեր միջեւ։ Կարծես տեղի ունեցած էր, ինչ որ անդարմանելի է։
— Նկատած ես,— ըսաւ Վանի՝ միշտ նոյն ժպիտը շրթունքին,— թէ մեր սերունդին պատկանող տղոց մօտ գաղափարական գետնի վրայ էն հաստատուն թուող բարեկամութիւնն իսկ կեանքի փորձին չի դիմանար։ Ի վերջոյ, մարդ նողկանք կը զգայ այս խախուտ յարաբերութիւներէն, այս կէս սուտերէն, այս մեղսակից լռութիւններէն, չնչին վատութիւններէն։
— Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես,– պատասխանեցի՝ կորսնցնելով ինքզինքս,– որու համար կը խօսիս։ Կրնաս աւելի պարզութեամբ միտքդ յայտնել։
— Ինծի եւ քեզի համար,– յարեց մեղմօրէն։
Լոկ իր արդարամտութիւնն էր, որ զսպեց բարկութիւնս։ Կ՚ուզէի առանց ցտեսութիւն ըսելու հեռանալ, բայց չկրցայ։ Անտարակոյս, չէի ուզեր խզման պատասխանատուութիւնը ստանձնել՝ նախազգալով, որ յետոյ կրնամ զղջալ։ Քով քովի սկսանք քալել՝ զգալով, որ հարկ էր հանդուրժել իրարու ներկայութեան, վիրաւորել ու վիրաւորուիլ՝ քիչ մը խաղաղութեամբ բաժնուիլ կարենալու համար։
— Այս օրերս Աննային հանդիպեցա՞ր,— հարցուց նայելով աչքերուս։
— Ո'չ,— ըսի ստելով։— Մեկնումի պատրաստութիւններ տեսնելու վրայ եմ։ Գործս ալ շատ ապահով չէ։ Դժուար ձմեռ մը ունինք առջեւնիս...
— Քեզ հեռուէն անգամ մը տեսեը է կարծեմ քանի մը օը առաջ։
— Կրնայ ըլլալ,— յարեցի զսպուած զայրոյթով մը.— օրն ի բուն այս կողմերն եմ։ Եթէ հեռուէն զիս նշմարած էր, կրնար մօտենալ կամ նշան ընել։
Մութը վարանելէն կը տատանէր ծառերուն վրայ, ու քաղքենի շուկատ[1] հովը փոքր ալիքներով կ՚ելլէր, շնչատ կը սպառէր սրճարաններուն առջեւ, յետոյ վերստին կը բարձրանար։ Հարաւէն մեծ ու ճերմակ ամպեր դանդաղօրէն կը հոսէին, մինչ բազմութիւնը թեթեւ աղմուկով մը կը յառաջանար՝ անուշադիր ու ընկլուզուած իր յարուցած անորոշ եռուզեռին մէջ։ Ընկեր մը տարիներ առաջ ժպտուն անտարբերութեամբ մը կըսէր ինձ, թէ ոչ ոք ուրիշը կրնայ սիրել, քանի որ ոչ ոք կրնայ լիովին մոռնալ ինքզինքը։ Մեր էն խորունկ գորովներուն իսկ կը խառնուի եսական հաճոյքի յետին համ մը։ Լոկ եղբայրութեան քաղցր փայլատակումներ, լոկ խանդավառութեան հրթիռներ, լոկ զգայարանական բորբոքումներ են, ինչ որ սէր կը կոչենք։ Ես ու Վանին ինչ որ չէինք ներեր իրարու, մեր հաւանական խղճի խայթն էր, մեր ծածուկ շահախնդրութիւնը։ Երկուքս ալ շաբաթներէ ի վեր գարշելի խաղ մը կը խաղայինք՝ ցոյց տալով առերեւոյթ ցրտութիւն մը Աննայի հանդէպ, մինչդեռ կը վառէինք սիրով։ Էն տաժանելին, սակայն, մեր կեղծ վեհանձնութիւնն էր, հեռանալու եւ միւսը ազատ ձգելու մեր սուտ շարժուձեւը։
— Բոլորս ալ կեանքին հետ անպատիւ խաղ մը կը խաղանք,— ըսի տենդով,— քանի որ անընդհատ կը ջանանք ծածկել մեր բուն էութիւնը։ Իրողութեան մէջ, առաւել կամ նուագ ուժգնութեամբ, բոլորս ալ մեր բնազդներուն գերին ենք։ Քաղաքակրթութիւնը ինչ է, եթէ ոչ այս բարբարոս ախորժակները մարդկայնացնելու, կանխորոշուած հունէ մը հոսեցնելու փորձ մը։ Գեղեցիկ կնոջ մը առջեւ մեզմէ էն քաղաքակրթուածին ցոյց տուած վերաբերումը իր էութեան մէջ նոյնն է, ինչ որ նախնական մարդունը...
— Ու բոլոր գեղեցիկ խօսքերը կը ծառայեն միայն այդ ախորժակները տանելի դարձնելու։ Ինչ որ կը պակսի մեզի, իրական եղբայրութիւնն է, արդարութիւնը։ Առաջին որսին դիմաց կը սկսինք սրել մեր ժանիքները ու ամէն ինչ կը մոռնանք՝ գաղափարական պայքար, քաղաքացիական պարտականութիւն եւայլն։ Բարեբախտաբար կեանքը
368

  1. 23 շուկատ — խաբեբայ