Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/35

Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

իր անողոք տրամաբանութեամբ երբեմն կը ստիպէ մեզ տէր ըլլալ մեր գաղափարներուն։
Կուշտ կուշտի կը յառաջանայինք՝ որոնելով հաշտութեան եզր մը, յուսալով, թէ գուցէ կրնանք բարեկամութիւնը փրկել։ Գիշերը զով էր, ու ամպերը, որ կը շարունակէին հոսիլ, կրնային քիչ յետոյ պատռիլ երկրին վրայ։ Տրտում խաղաղութիւն մը կար արդէն մեր միջեւ, բայց ոչ ես, ոչ Վանին կ՚ուզէինք առաջին քայլը ընել։ Աննպատակ կը դեգերէինք ծառուղին ի վար՝ առանց երեկոն միասին անցընել որոշելու կամ բաժնուելու քաջութեան։ Անկեղծութեան ու ջերմութեան այս պակասը երկուքիս համար ալ տաժանելի էր։
— Երբ պիտի մեկնիս,— հարցուց Վանի՝ բարձրացնելով դէմքը։
— Վեց եօթը օրէն, անշուշտ եթէ մինչ այդ Փարիզի շրջակայքը տեղ մը չկրնամ ճարել...
— Եթէ ժամադրութիւն չունիս, եկուր երթանք Աննան գտնենք, ընթրիքէն յետոյ միասին տեղ մը կ՚երթանք...
Այդքանն իսկ դժուար էր ըսելը։ Դէմքը դարձուց անգին՝ գուցէ յուսալով, որ չպատասխանելու փափկանկատութիւնը կ՚ունենամ։ Կրնայի լռել, կրնայի անորոշ պատասխան մը տալ, բայց մարդը եղկելի էակ մըն է։ Ցոյց տալու համար, թէ իր առաջարկը բացարձակապէս անտարբեր կը թողուր զիս, ճիշդ այդ պահուն անցորդ լրագրավաճառ մը կեցուցի, երեկոյեան թերթ մը առի ու սկսայ աչքէ անցընել զայն։ Կեղծ շահագրգռութեանդ մը կը դարձնէի էջերը, մինչ Վանի ինքզինքին հետ կը կռուէր՝ անախորժ խօսք մը չըսելու համար։ Լռութեամբ քիչ մը եւս քալեցինք ու լռութեամբ ձեռք երկարեցինք իրարու։ Երբ գլուխս դարձուցի, Վանի հեռացած էր արդէն։ Կը տեսնէի քիչ մը կքած ու երկար հասակը, որ կարծես տաժանքով կը կրէր կեանքի բեռը։
Առանձին մնալէ յետոյ է, որ զգացի, թէ հոգւոյս խորը գէշ ուրախութիւն մը կար, ու կ՚ուզէի ժլատօրէն մինակ վայելել զայն։ Ջղային քայլերով կը ճեղքէի գիշերը, ու շրթանցս վրայ կը ծլէին նոյն վատ բառերը՝ ոչ, յամենայն դէպս այդ ուրիշը Վանին չէր։

VI

Հիւսիսի այդ բարակ ու սլացիկ աղջիկը, այդ աստուածային Կրեթա Կարպօն, ինչպէս կը կոչէին զինքը, այլեւս ծերացած էր, ու ատիկա յստակօրէն կ՚երեւէր նոյնիսկ ժապաւէնին վրայ։ Էգ յովագի մը պէս կը նետուէր աոաջ՝ մարմնի տարականոն ճկունութեամբ մը, բայց իր աչքերուն խորը մարդ կը զգար կեանքի յոգնութիւնը, դարանակալ ծերութիւնը, որ օր մը մոխիրի պիտի վերածիր բուռն այլ զսպուած յուզումներու այդ ճերմակ անօթը։ Միշտ նրբօրէն գազան կին մըն էր անշուշտ, որ կրնայ չնչին շարժումով մը ծերերու արիւնը տաքցնել ու երիտասարդները մղել սեռային տագնապի ու անձկութեան։ Բայց անկեալ բան մը կար, անբանաձեւելի զեղչում մը, որ տրտմօրէն վերջնական կը թուէր։
«Գալով Մամուլեանին՝ քաղքենիութիւնը իր մակարդակին իջեցուցեր է նաեւ այս հրաշալի տղան»,– ըսի իւրովի։
Յետոյ հեռուն էի այլեւս՝ երազներու եւ յիշատակներու լճի մը մէջ։ Գարունը նրբօրէն իր դրասանգները կը հիւսէր գաւառական քաղաքին արահետներուն շուրջ։ Ջրանցքէն քիչ մը հեռու աւատական հին դղեակ մը կար՝ դարաւոր պատերով։ Նուրբ ճամբայ մը կ՚եզերէր զայն ու կը կորսուէր հեռուն՝ անտառին խորը։ Ինչ որ թրթռուն ու գարնանային էր իրապէս, բարտիևերուն մատաղ գեղեցկութիւնն էր։ Երեկոյեան հովը վերէև մեղմօրէն կը հպէր անոնց կատարներուն, ու արծաթահունչ հծծիւնով մը բարտիները կը դողային, կը դողդոջէին, կը սարսռային։ Կը սիրէի յենուլ հանդիպակաց պատին ու երկարօրէն դիտել զանոնք։ Լոյսի զանակնհր թեթեւօրէն կը թռչէին տերեւէ տերեւ։ Ճիւղէ

369