Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/38

Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
Անկասկած ճշմարիտ չէր ըսածս։ Ինչ որ կը յուսայի իրմէն, իր երիտասարդութիւնն էր ու խաղաղութիւնը, որ կրնար պարգեւել մարմնիս։ Ինչ որ կը յուսայի, հաճոյքն էր՝ առանց ծախքի ու վտանգի։
— Դժուար է,— ըսաւ կանգ առնելով,— մերինները կը ճանչնան բոլոր բարեկամուհիներս...
Անձրեւի կաթիլները զարնուեցան դէմքիս՝ բարակ հովի մը հետ խառն։ Թեւս նետեցի ուսին՝ ուզելով տաքցնել զինքը, փորձելով երջանիկ ըլլալ, մոռնալ Աննան։
— Վաղը չէ միւս օրը Պիւլիէ հաւաքոյթ մը կայ, պիտի երթաք...
Որոշեցինք հանդիպիլ ու միասին երթալ։
— Եթէ ուզէք, կուգամ դպրոցէն Ձեզ կ՚առնեմ,— ըսի հաճոյակատարութեամբ։
Փողոցի մը անունը տուաւ, որուն անկիւնը հարկ էր սպասել։ Անձրեւը սկսաւ շատնալ, գրեթէ կը թրջէինք։ Պատի մը տակ կծկուեցանք տան մը դրան մօտ՝ դիտելով անձրեւը քաղաքին վրայ, դիտելով անձրեւին տակ քաղաքին լուսաթաթախ ու քիչ մը տրտում գեղեցկութիւնը։ 0՜, քաղաքին խորունկ ու հմայական գիշերը, որ ապաստան կուտար բոլոր սիրով տանջուողներուն, անոնց, որ զրկուած էին, ու անոնց, ոը վաստակաբեկ էին օրուան դառն աշխատանքէն։

* * *

Աննա նշմարեց մեզ ճիշդ այդ դիրքին մէջ։
Կուշտ կուշտի ոտքի էինք ես ու Լիւսին՝ գրկած իրար։ Մեր վարսերը կը խառնուէին իրարու, այտիս վրայ կը զգայի իր քաղցր շունչը։ Ու մինչդեո Պիւլիէի ընդարձակ կամարներուն տակ բազմութիւնը կ՚աեկոծէր, ես ու Լիւսին կը գուրգուրայինք իրար։ Ու ճիշդ այդ դիրքին մէջ էր, որ Աննա նշմարեց մեզ։ Երկվայրկեան մը նայեցաւ աչքերուս, ու ես չկրցայ յստակօրէն որոշել, թէ ինչ էր իր կրած տպաւորութիւնը։ Ինձմէ աոաջ, սակայն, ձեռքը բարձրացուց ու բարեւեց զիս։ Հեռուէն տեսայ անորոշ ժպտի մը ծլիլը դէմքին վրայ։
Տեսայ վարակիչ խանդավառութեան ու ժխորին մէջ ջանացի մոռնալ զինքը, բայց կարելի չէր։ Երկվայրկեանը անգամ մը դէմքս կը դարձնէի ու ագահութեամբ կը դիտէի զինքը։ Կը լսէի սրտիս տրոփիւնը ու զայրոյթէս շրթունքներս կը խածնէի։ Աննա եւս կը դիտէր զիս, ու երբ մեր հայեացքները կը հանդիպէին իրարու, կը փորձէինք ժպտիլ։ Բանախօսին արտասանած բառերը գլխուս վրայէն կը սուրային՝ կարծես առանց հպելու ինձ։ Յուզուած, երջանիկ ու դողահար էի՝ տեսնելով, որ Աննա մինակ էր։ Զայն կը վերագտնէի գեղեցիկ ու թրթռուն։ Կիսադէմքը, որ հայեացքիս շրջանակին մէջ կ՚իյնաը, նրբօրէն գունատ կը թուէր։
Անզգալաբար ձգած էի Լիւսին, որ, հեւ ի հեւ հետեւելով բանախօսութեան, չէր զգար հեռաւորութիւնս։ Երբ հաւաքոյթը վերջացաւ, բնազդարար ուզեցի բազմութիւնը ճեղքել՝ բարեւելու համար Աննան, վասնզի հոգիս զեղուն էր ու անոխակալ, բայց յանկարծ յիշեցի Լիւսին։ Ձգել զայն հոս սուտ պատրուակով մը կարելի չէր։ Բռնադատելով ինքզինքս՝ գրկեցի ուսը, մինչ ան բազմութեան հետ կ՚երգէր։ Իը ձայնը մարզուած ու անուշ էր, կը զգայի իր մատղաշ հոգին երգին ելեւէջներուն մէջէն, ու ողջ մարմինս կը հրճուէր։ Կ՚ուզէի շատ սիրել զինքը արուարձանի խաղաղ տան մը մէջ։ Երեկոները կայարանը կը սպասէինք իրարու, սիրով ամուսնական ողջոյնը կը փոխանակէինք ու կը ցատքէինք կաոաշար։ Գուցէ կարելի երջանկութիւն մըն էր ասիկա, սիրելի գերեզման մը։
Գլխաւոր դրան չմօտեցած՝ բառացիօրէն Աննա վազեց վրաս ու երկու ձեոքերս թօթուեց։ Իր պայծառ աչքերուն խորը գարուն էր, առաւօտ էր։ Քիչ մը շփոթ՝ զինքը ներկայացուցի Լիւսիին ու վերստին ուսէն գրկեցի այս վերջինը։ Ո՞վ երկրի վրայ կրնայ լիո–
372