Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/39

Այս էջը սրբագրված չէ
«Դաոն հացը»

վին տէր ըլլալ իր արարքներուն։ Գուցէ յետին միտքս անպայման Աննայի ցոյց տալ չէր, թէ ուրիշ աղջիկ մը կրնայ աւելի գորովալի ըլլալ հետս։ Մնաց որ Աննա ցոյց չէր տար, թէ կը նշմարէր մեր մտերմութիւնը։
— Իսկ Վանի՞ն,— ըսի մեղմօրէն։
— Լռէ՛,— պատասխանեց ժպտուն,— երկուքդ ալ զիս բացարձակապէս մոռցաք։ Օրերէ ի վեր բանտարկուած եմ տունը։
— Աշխատանքէդ գոհ ես, Աննա։
— Գոհ կամ դժգոհ՝ նոյնը չէ միթէ, ընտրելու իրաւունքը չունենալէս յետոյ ստիպուած եմ համակերպիլ։ Կինը բարեկիրթ ու վերապահ է, իսկ ամուսինը սկսած է արդէն քիչ մը շատ ժպտիլ։ Կը վախնամ, որ հանգիստ չձգէ զիս...
Խառնուած բազմութեան՝ հասանք մինչեւ Մօնփարնաս։ Լիւսի եւ Աննա կը քալէին կուշտ կուշտի։ Հոգւոյս խորը գոհ էի դիպուածէն՝ զիս կեղծ դրութենէ մը փրկած ըլլալուն համար։ Անցեալ տարի ձմրան գէշ օրերուն, կծկտած անկողնիս մէջ, երբեւիցէ յուսացած էի միթէ ասկէ աւելին։ Մէկուն կամ միւսին ժպիտը կը բաւէր՝ լուսաւորելու համար գաւառական քաղաքին մառախլապատ օրը։ Ի՜նչ քաղցր անձկութեամբ պիտի սպասէի սուրհանդակին ու ի՜նչ յուզումով պիտի գրէի իրենց՝ ըսելու համար մթին մենութեան մէջ ապրող մարդու մը անձկութիւնն ու զօրութիւնը։
— Եթէ ձեզ չեմ խանգարեր,— ըսաւ Աննա,— մինչեւ կայարան կ՚ընկերանամ ձեզի. քնանալու ոչ մէկ փափաք ունիմ։
Իրապէս համակրանք կը զգայի՞ն արդեօք իրարու հանդէպ։ Քովքովի, գրեթէ գլուխ գլխի՝ ջղային հապճեպով մը կը հարցաքննէին իրար ու կայարան չհասած՝ արդէն գիտէին, ինչ որ անհրաժեշտ է, ինչ որ մեծ քաղաքի մը մէջ ապրող էակ մը կրնայ ըսել ուրիշի մը։ Շոգեկառքը հասած չըլլալով՝ շուրջ տասը վայրկեան դեգերեցանք սպասման գլխաւոր սրահին մէջ։ Ծայրայեղ շահագրգռութեամբ մը կը դիտէի զիրենք՝ հետեւելով իրենց էն չնչին շարժումներուն։ Անտարակուսելիօրէն աւելի գեղեցիկ էր Աննա, աչքերուն խորը կար կեանքի կրակը, շարժումներուն մէջ՝ յաղթական ու յանդուգն իգութիւն մը։ Շրթունքներուն վրայ եւս կրակ կար ու գարուն։ Քալուածքը քիչ մը արական կը թուէր, բայց կը բաւէր մարմնի պզտիկ ցնցում մը՝ զայն խելայեղօրէն ցանկալու համար։
— Վաղը առաւօտ վեցին հարկ է արթննալ,— ըսաւ Լիւսի,— բարեբախտաբար եղբօրս կինը ձայն կուտայ։ Հինգ ժամ քունը իրապէս անբաւական է...
Ջերմ բարեկամութեամբ մը ձեռքը երկարեց՝ նայելով աչքերուս։ Ուժէս վեր էր զայն առանձին ձգել՝ առանց քաղցր խօսք մը ըսելու։
— Մեկնելէ առաջ անգամ մը եւս պիտի կրնամ Ձեզ տեսնել, Լիւսի՛:
— Երբ որ ուզէք,— ըսաւ մեղմօրէն,— վաղը, միւս օր...
— Վաղը, Լիւսխ նոյն փողոցին անկիւնը, նոյն ժամուն...
Կառաշարը շարժեց իր սեւ մարմինը։ Երկաթուղակառքի դռնակին մէջէն դեո վայրկեան մը տեսանք զայն՝ իր մաքուր ու հաճելի դէմքովը։ Յեւոոյ գիշերը մեզ բաժնեց իրարմէ։ Գիշերը խլեց ու տարաւ զայն։
— Բարեբախտաբար դեռ նման քաղցր էակներ կան երկրի վրայ,— ըսաւ Աննա՝ աչքերը խոնարհած,— ոչ միայն ուրախութիւն, այլեւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն կը զգայ մարգ իրենց ներկայութեան։
Յամրօրէն ելանք դուրս, եւ գիշերը աստեղաթաթախ էր, գիշերը հաճելիօրէն զով էր ու քիչ մը մելամաղձոտ։ Փողոցներուն մէջ անցորդները դեռ շատ էին։ Ծայրամասի թաղերուն մէջ գուցէ քաղաքը կը ննջէր, հոս, սակայն, սրճարաններուն դարպասները ցանուցիր զոյգեր կային դեռ։ Քաղաքը մարդկային մարմնին պէս է, կ՚ըսէի իւրովի, քունը

373