Այս էջը սրբագրված չէ

Վսւզգէն Շաշանեան
նակ մը, նուազագոյն ծրագիր մը կարենանք կեանքի կոչել։ Հակայեղափոխութեան դէմ կռիւը այնքան վճռական է ու եղերական, ոը ոճիր է չհամաձայնիլ քաղաքական ընթացիկ ու առաջնակարգ հարցերու շուըջ։ Բայց երբ քիչ մը անդին կ՚անցնինք առօրեայէն, երբ կը փորձենք մեր վարդապետութեան լոյսին տակ քննել կեանքի հիմնական խնդիրները, երբ տիեզերքին ու մարդուն բնութեան դէմ յանդիման կը ջանանք ուրուագծել վաղուան կեանքը, կը զգանք յեղափոխութեան ծայրագոյն մանկութիւնը։ Բուն յեղափոխութիւնը գուցէ անհատն է, որ պիտի սկսի՝ անընդհատ արժանի ըլլալով իր հրաշալի կոչումին, յամառ, դէգ[1], դաժան ճիգով մը բարձրանալով անընդհատ, ընդարձակուելով ու միաժամանակ ինքզինքը ենթարկելով խիստ կարգապահութեան մը։
Հովը կը շարունակէր ելլել թեթեւ ալիքներով, կը դեգերէր մեր շուրջը։ Երեկոյեան բազմութիւնը հեոուն մեծ պողոտաներէն առու առու կը կազմուէր ու կը հոսէր դէպի քաղաքին եղերական թաղերը, դէպի արուարձանները։ Ու Աննայի ձայնը հաճոյք էր ու խաղաղութիւն։ Վզին աղուամազերուն վրայ երեկոն կը հիւսէր իր դրասանգները։ Դաստակները որքան սիրուն ու նուրբ կը թուէին խարտեաշ լոյսին մէջ։ Նկարի մը պէս հեռաւոր ու բանաստեղծական էր այդ վայրկեանին բազրիքին կռթնած այդ երիտասարդ աղջիկը։
— Օրէնքը վախ է ու բռնութիւն,— կը յարէր Աննա։— Օրէնքին գլխաւոր անպատեհութիւնը իր արտաքին բնոյթն է։ Իրական քաղաքակրթութիւնը միշտ ներքին է եղած, քանի որ մարդն է իր առարկան։ Արտաքին րոլոր ազդակները ի վերջոյ կը ծառայեն լոկ ներքին վերելքը դիւրացնելու, մարդուն ներքին միջավայրը պայծառացնելու։ Ինձ կը թուի, որ հոս է, որ դուք իրապէս աւելի յստակատես եղած էք ու աւելի խորապէս մարդկային, քան մենք՝ ծայրայեղ ձախակողմեաններս։ Ու այս գետնին վրայ է, որ ի վերջոյ յեղափոխութիւնը պիտի յաջողի ընդմիշտ զգետնել դրամատիրութիւնը, որ մարդկային անձին գերեզմանը կը պատրաստէ։

* * *


Խաղաղութեամբ կը քալէինք, ու մարմինս կը զգար քաղաքին լուսաւոր գիշերուան աստիճանական գալուստը։ Ծերութիւն չէ։ Միթէ նուրբ հաճոյքներու այս մթին ծարաւը, խաղաղութեան այս յանցաւոր սէրը շրջանի մը մէջ, երբ մեծ քաղաքներու ընդերքներուն խորը թշնամի կրթեր կհպոտսւն, երբ մարդկային խելայեղ բազմութիւններ ահագնադղորդ զայրոյթով կը բախին իրարու, երբ երկրի այս կամ այն մասին մէջ արիւնը կը պղպջայ։ Մարդ-անհատը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր կարեւորութիւնը դղրդագին վերիվայրումներու եւ կործանումներու աղմուկին մէջ։ Անհատը այլեւս ոչինչ կրնայ իրագործել առանձին։ Իր ազատութիւնն ու զարգացումը սերտ առնչութեան մէջ են զանգուածներու ազատագրութեան հետ։
— Վերադառնանք,— ըսաւ Աննա,— Վանին խոստացաւ զիս թատրոն տանիլ այս երեկոյ...
Շուրջ կէս ժամ շարունակեցինք քալել սակայն ծանր, գէշ լռութեամբ մը։ Կը սպասէի, որ Աննա ըսէր ինձ, թէ ես եւս կրնայի ընկերանալ իրենց։ Կը զգար արդեօք անձկութեան բարակ տենդը, որ կը զարնուէր ղէմքիս։ Մերթ ընդ մերթ կը զգայի իր հայեացքը։ Կը թուէր, թէ պիտի բանայ մսեղ շրթունքները ու պարզ, կիսով անտարբեր նախադասութեամբ մը պիտի փարատէ տագնապի այս յեղակարծ[2] մթնոլորտը։ Անխզելի լռութեամբ մըն է, որ վերադարձանք լատինական թաղ։ Շրթանցս վրայ դառնութիւնը լեղի էր։
338

  1. 2 դէգ — խենթ, զայրացկոտ, անհամբոյր
  2. 3 յեղակարծ — յանկարծակի, անսպասելի