Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/42

Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
սրսփային նուրբ հովի մը թեւերուն մէջ։ Վեհաշուք ու խորին լոութեամբ պարտէզին արահետները կը ձզուէին հեոուն՝ մեհենական ճամբաներու պէս։ Լուսնկան պայծառ էր ու բառացիօրէն կը լողաը կապոյտին խորը։ Լատինական թաղի լոյսերը կը հրդեհէին պարտէզին վրայ կախուած երկնքին մէկ մասը։ Գիշերը վիպականօրէն խորունկ էր, ու մարդ կյապշէր, թէ ինչպէս օրէնքը կը յանդգնէր կղպել այս զմայլելի պարտէզին դռները գիշերուան մենութեան սիրահարներուն առջեւ։
Բռնելռվ երկաթէ ձողերը՝ երկարօրէն դիտեցինք պարտէզին գիշերը, ու ծառերուն էն աննշան դողը կարծես ցնցեց նաեւ մեզ։ Ու անգամ մը եւս, հակառակ իր դառն խօսքերուն, հեշտութիւնն էր ու յետոյ քունը, ոը քաղցը թուեցան։ Ողջ մնացեալը անօգուտ խանդավառութիւն էր միայն, անձկութիւն ու տենդ։ Կեանքի որոտին, գահավիժող դէպքերու յորձանքին դիմաց եղկելի չէր միթէ շաբաթներով պտտիլ աղջկան մը շուրջ՝ լոկ խորին լոութեամբ մը ջանալով հիւսել սիրոյ անմիտ մեղեդի մը։ Ո՞վ էր, որ կ՚արգիլէր ինձ այս չնչին յաղթանակը։ Յաղթանակ կամ անփառունակ պարտութիւն. երկու պարագային ալ հաւանաբար վախճանը նոյնը ըլլար՝ քաղցը բարեկամութեան մը կորուստը։
— Եթէ կ՞ուզես,— յարեց Աննա՝ ընդմիջելով մտածումներուս թելը,— կրնանք Վիքինկ երթալ գիշերը անցընելու համար։ Առաւօտ կանուխ կ՚ընկերանաս ինձ մինչեւ մեր տանը դուռը։ Ո՛վ գիտէ, անգամ մըն ալ երբ կը տեսնենք իրար...
Ինքնաշարժ մը պատռեց գիշերը, եղծեց փողոցին հմայական խաղաղութիւնը։ Անոր յարուցած լոյսի գօտիին մէջ՝ դրան մը քով, տեսանք երիտասարդ զոյգ մը՝ պլլուած իրարու, անտարբեր, հեռու այս երկրէն։ Աննա յուզումնահար դիտեց զանոնք, ցնցեց իր զմայլելի գլուխը...
— Կը կարծես, որ Վանին...
Երկարօրէն նայեցաւ ինձ ու վերստին աճապարանքով թեւս մտաւ։ Կը զգայի կուրծքերուն հեւքը։ Մարմնին բուրումը կը զարնուէր ռունգերուս։ Հայեացքը ձգեց գետին՝ առանց խօսքը աւարտելու, ու սկսաւ շատ մեղմօրէն սուլել, շատ տրտմօրէն սուլել եղանակ մը, որ անծանօթ էր ինձ։
— Տարիները կը սահին, մինչ մենք, մտրակուած մեր ապրելու աճապարանքէն, չենք զգար, թէ ամէն երիտասարդութիւն կը հակի իր վախճանին։ Շուտով քսան տարեկան պիտի ըլլամ, ու դեռ մնայուն ոչինչ կայ կեանքիս մէջ։ Ո՞ւր պիտի յանգիմ ու ի՞նչ պիտի ըլլամ, գիտեմ միթէ։ Ու մայրս, որ գրեթէ ծեր է այլեւս եւ որ պէտք ունի ինձ։ Վերջին անգամ հայրս կը գրէր, թէ գիշերները յաճախ կ՚արթննայ ու անկողնին մէջ նստած կը գտնէ զայն։ Առանձին՝ երկու ծերունիներ, թշնամի շրջապատի մը մէջ։ Երբեմն արտասուելու չափ կը տրտմիմ ու ամէն գնով կ՚ուզեմ հայրենի տունս վերադառնալ։
Ուսուվս հրեցի Վիքինկի դուռը։ Հաճելի աղմուկ մը դիմաւորեց մեզ։ Խորունկը ազատ սեղան մը գտանք վերջապէս։ Քիչ մը խոնջ էինք ու անտարակոյս քիչ մը թշնամի իրարու։ Այսուհանդերձ երկու մտերիմ ընկերներու պէս քով քովի նստանք ու լռեցինք երկարօրէն զննելով մեզ շրջապատող զոյգերը։ Կարծես տեղափոխուած էինք հիւսիսային երկիր մը կամ սքանտինավեան նաւու մը մէջ։ Ցած ու փայտաշէն առաստաղէն տաք լոյս մը վար կը հեղուր իր գիշերային բոսոր արիւնը։ Խարտեաշ ու բարձրահասակ կիներ արեւելեան իշխանուհիներու պէս յուլօրէն կը ծխէին՝ նուաղուն ակնարկներ ձգելով իրենց ընկերացող տղոց վրայ։ Աննայի աջ կողմը խորունկ ու քիչ մը անջատ մասնաբաժին մը կար։ Բազմոցին վրայ քով քովի նստած էին ծաւի աչքերով աղջիկ մը ու տղամարդ մը, որ կանաչ հայեացքով մը կը դիտէր զայն։ Իրենց էն չնչին շարժումներէն իսկ կը յայտնուէր սիրոյ ու հեշտութեան անզսպելի ծարաւ մը։ Աննա, նկատելով, որ ես ալ կը դիտեմ զանոնք, հայեացքը պահեց։ Տեսայ իր ճերմակ ու
376