Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/43

Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

թրթռուն ձեռքերը, որ թէյը կը սպասարկէին։ Բայց քիչ յետոյ վերստին նոյն հիւանդ հետաքրքրութեամբ կը դիտէինք սիրահար զոյգը։
Աղջիկը երեկոյթի երկար պարեգօտ մը հագած էր՝ թեթեւ ու երկնագոյն։ Վարսերը լոյսին մէջ կը ցոլային ու իր ձուաձեւ, քիչ մը գունատ դէմքին շուրջ կը հիւսէին անէական պսակ մը։ Հակառակ դէմքին ու ձիւնաթոյր պարանոցին նրբութեան՝ մարմինը գրեթէ հարուստ էր ու յայրատ[1]։ Երբ կը կռթնէր ետ, կուրծքերը գրգռիչ գեղեցկութեամբ մը կը ցցուէին։ Ինչ որ կը լսէինք, հիւսիսային անորոշ լեզու մըն էր տղուն զգայնոտ շրթունքներուն վրայ։ Կրքով բան մը կը պատմէր, մինչ աղջիկը կը շարունակէդ անտարբերութեամբ ծխել։ Ողջ մարմինը, սակայն, սիրոյ անձկութեան մէջ կը թուէր։
— 0՜,— բացականչեց Աննա մեղմօրէն,— գէթ լատին ըլլալու արդարացումը ունենային...
Տղուն մեծ ու հաստ ձեռքը կը թափառէր աղջկան ծունկին վրայ։ Երեկոյթի փրփրուն հագուստին փէշը ժողված էր ափին մէջ ու միաժամանակ կը գգուէր այդ շնորհալի ծունկը։ Ջղային ու ագահ ձեռք մըն էր, հաստ ու շէկ աղուամազերով ձեռք մը, որ ի վերջոյ յաջողեցաւ խարտիշահեր կնոջ մերկ ու գիրգ ազդրին վրայ հանգչիլ։ Յայնժամ երիտասարդ կինը անորոշ հայեացքով մը դիտեց զայն, սեղանին տակ դիտեց իր զիստին մերկութիւնը ու ժպտեցաւ։
— Սէրը անընդհատ կը հասուննայ այս քաղաքին մէջ, կը հաշտուի ամէն բարոյականի հետ, կը յարմարի բոլոր բարքերուն ու ամենուրեք կը սողէ իր յաղթական ու քաղցր մեղեդին։ Այսուհանդերձ, էակներ կան, որ կը յաջողին առանց սիրոյ ապրիլ։ Ինչպէ՞ս հանդարտութեամբ կրնան քաղաքը ճեղքել։ Սէրը, հաճոյքն ու հեշտութիւնը փողոցն են, ստորերկրեայ երկաթուղիին, կայարաններուն, պարտէզներուն մէջ...
Վերստին թէյ լեցուց սկահակիս մէջ։ Թերթերունքներուն նուրբ ստուերը դէմքին վրայ քաղցր տրտմութիւն մը կը պարգեւէր իրեն։ Ակնարկը բարձրացուց ու ժպտուն յարեց.
— Զգայնիկ ու միջակ վէպի հերոսուհիի մը պէս անմիտ բաներ կ՚ըսեմ, ու դուն չես ընդմիջեր անգամ...
Խարտիշահեր կինը վերջապէս ծածկեց իր մերկ զիստը ու իր ճերմակ ձեռքով շոյեց տղուն շէկ վարսերը։ Տղան երկիւղած սիրով մը ափին մէջ սեղմեց այդ փափուկ ձեռքը ու ջերմօրէն համբուրեց զայն։
— Աննա, գլանիկ մը կ՚ուզես...
Տրտում ժպիտով մը շրթները բացաւ՝ սպասելով, որ գլանիկը տեղաւորեմ։ Անտարբերութեամբ վառեցի զայն ու կշռելով արտասանած բաոերս՝ ըսի.
— Կնոջ չնչին ու մատնիչ շարժումներ, որ կը յայտնեն սիրային անցեալ մը ու բարեկամութիւններ...
— Եթէ զիս վիրաւորելու համար կ՚ըսես,— հծծեց երկարօրէն դիտելով զիս,— թոյլ տուր ըսել, որ անօգուտ է։ Ինչու համար պեղել անցեալը, երբ ներկան իսկ տաժանելի է ու ցուրտ։ Ի՞նչ կ՚ուզես գիտնալ։ Կը կարծճս, որ հին յիշատակներու ոգեկոչումը կրնայ լուսաբանել մեր ներկան...
— Աննա,— ըսի,— անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրեմ...
Ձեռքը մեղմօրէն դրաւ ձեռքիս վրայ, մեղմօրէն սեղմեց զայն։ Աչքերուն խորը զգացի մթին տրտմութիւն մը։
— Առաջին անգամն է, որ տհաճելի բան մը կ՚ըսես ինձ,— հծծեց միշտ շատ մեղմօրէն։— Կը զգայի, որ այս գիշեր վշտացնող խօսք մը պիտի ըսես...

377
  1. 25 յայրատ — ցանկասէր, պագշոտ, վաւաշոտ