լով խոստովանիլ։ Անօթի ու ծարաւ եմ սիրով, ու միայն նախանձին սեւ բոցն է, որ կը լափլիզէ էութիւնս։ Գիշերներս խռովեալ են, ու օրերս անձկալի։
Կ՚ողբայի աւելորդ անգամ մը եւս կորուսեալ ներքին անդորրութիւնս, մինչ կառաշարը խուճապահար կը ճեղքէր տարածութիւնը։
* * *
Պանդոկին գրասենեակը նստած էի՝ կորսուած մտածումներուս խորը, երբ Վանի վերադարձաւ գործէն։ Թեթեւօրէն գլուխը ծռեց, նաեւ իր լայն ուսերը՝ դուռէն ներս
մտնելու համար։ Լռութեամբ ձեռքը երկարեց, սենեակին բանալին վերցուց ու մէկ կողմ քաշուեցաւ՝ թոյլ տալով, որ անցնիմ առաջ։ Լռութեամբ բարձրացանք սանդուխները։ Երկրորդ յարկի աստիճաններուն վրայ քիչ մը կեցանք աղախնին պատճառաւ, որ բազրիքի փոշին կ՚առնէր։ Աղջիկը իր առողջ դէմքը բարձրացուց մեզի ու ժպտեցաւ։ Վանի խորին լռութեամբ մը զայն գրկեց ուսերէն ու բերնին վրայ համբուրեց։ Ձեռքերուն մէջ բռնեց անոր ապշահար դէմքը ու երկարօրէն նայեցաւ աչքերուն։ Յետոյ աչքերը եւս համբուրեց։
— Է՛հ,— ըսաւ քիչ մը բիրտ յազումով,— լաւ աղջիկ մըն ես...
Աղջիկը յարդարեց աւրուած վարսերը։
— Անշուշտ,— ըսաւ խնդալով,— բայց ատիկա պատճառ մը չէ, որ զիս համբուրէք...
Տախտակամածին վրայ յետամնաց արեւու ճառագայթ մը կար, երբ ներս մտանք,
աշնան աքսորական ճառագայթ մը՝ դողդոջուն, վտիտ, նուրբ։ Աշունը մեղմիւ կը տեղաւորուէր քաղաքին վրայ՝ մասնաւորաբար քանի մը օրերէ ի վեր։ Ու քիչ մը յուսալքիչ էր զայն գտնել նոյնիսկ սենեակի մը անկիւնը, ընկերոջ մը աչքերուն խորը, միջոցին մէջ։
Տանը խորունկէն խուլ ալիքներով կը բարձրանար դաշնակի մը մորմոքը։ Դրան
ճեղքէն այդ տրտմաթաւալ եղանակը կը լենար ներս ու կը պլլուէր մեր սրունքներուն, կը գրկէր մեզ։ Ամէն ինչ հին էր ու սովորական մեր շուրջը։ Սենեակին իրերուն վրայ տարիներուն անջնջելի հետքը կար։ Կեանքին գարնանային գեղեցկութիւնը գուցէ կախուած է, կ՚ըսէի, մեր հայեացքէն։ Մեր ներքին լոյսն է, որ թափանցիկ պայծառութեամբ մը կ՚ոռոգէ երկիրը, մարդիկն ու իրերը։
Վանի թիկնոցն ու փողպատը նետեց աթոռի մը վրայ, շապիկը հանեց ու կիսամերկ
ծռեցաւ ծորակին առջեւ։ Որքան շնորհալի ու ուժեղ էր խարտեաշ տղամարդու այդ կիսանդրին։ Ջուրը պզտիկ աղմուկով մը կը հոսէր անոր թեւերուն, պարանոցին ու ուսերուն վրայ։ Այդ պահուն դժուար էր երեւակայել, որ այդ առոյգ մարմնին տէրը Վանին է, մռայլ հայեացքով տղայ մը, որ փողոցներէն կ՚անցնի ուսերը քիչ մը կքած, շարժումները դանդաղ։
— Մեր տառապանքներուն, հոգերուն, դժուարութիւններուն բուն հեղինակը չես
կարծեր, որ յաճախ մենք իսկ ենք։ Ազատութիւնը հարկ է շահիլ նախ մեր ներքին անձին վրայ իսկ։ Կասկածէ դուրս է, որ արտաքին պայմանները կրնան աւելի յստակութիւն մտցնել մեր էութեան մէջ, բայց բուն պայքարը անհատը հարկ է մղէ իր ներքին, ստորերկրեայ ու բռնակալ ուժերուն դէմ։ Որքան յաճախ կը հանդիպինք մարմնական զգայնութեան մը, բնազդական ցունցի մը, որեւէ զգացական տպաւորութեան, երբ կը պեղենք մեր արարքներուն ենթահողը։ Ինձ կը թուի, որ ներդաշնակութիւնն ու անդորրութիւնը լոկ բանականութիւնն է, ոը կրնայ ապահովել, բայց մեր կեանքին մէջ յաճախ զգացական էակն է, որ որոշիչ դերը կը կատարէ։
Ուժգին ու արագ շարժումներով կը չորցնէր վարսերը, պարանոցն ու ուսերը։ Հազիւ թէ գողտր ու բաց-ոսկեգոյն աղուամազեր կը ծածկէին կուրծքը։ Ուսերը լայն էին,